Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող եւ երկրին թենիսի դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Կարէն Խաչանով յաղթանակով սկսաւ Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը:

21 տարեկան Խաչանով Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ երեք սեթերու ընթացքին 7-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց քանատացի իր մրցակիցին` Փիթըր Փոլանսքիի:
2 ժամ 31 վայրկեան տեւած այս մրցումին Խաչանով կատարեց 21 էյս:
Բ. հանգրուանին ան իր դէմ պիտի ունենայ արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոն, որ 6-3, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Ֆրանսիս Թիաֆոյէի:
Առաջին հանգրուանի արգելքը յաղթահարեցին նաեւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր եւ սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որոնց յաղթանակին համար պահանջուեցաւ երեքական սեթ:
Աւստրալիոյ օփընի գործող ախոյեանը` Ֆետերեր, 6-3, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Ալժազ Պետենէի (Սլովենիա), մինչ Ճոքովիչ` ամերիկացի Տանըլտ Եանկի (6-1, 6-2 եւ 6-4):

Հետաքրքրական եղաւ ամերիկացի Թեննիս Սանտկրենի արձանագրած յաղթանակը` 2014-ին այս մրցաշարքի նախկին զուիցերիացի ախոյեան Սթանիսլաւ Վաւրինքայի դէմ` 6-4, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով:
Այսպիսով, 26 տարեկան ամերիկացին իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` կրան շլեմի մրցումներուն:
Սանտկրեն Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնայ իրեն հետ տանելով առնուազն 64 հազար ամերիկեան տոլար` իր արձանագրած այս յաղթանակին համար:


