Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին Կատարելու Իր Յանձնառութիւնը

January 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբ եւ օտար դիւանագիտական անձնակազմերը, որոնք շնորհաւորեցին նախագահը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով:

Նախագահ Աուն իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր դեսպանները եւ անոնց ներկայացուցած երկիրներն ու ժողովուրդները` անոնց փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին, որ Հռոմի դիւանագիտական անձնակազմը ընդունելու ընթացքին շեշտած էր, թէ ինք կը հասկնայ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը եւ կը գնահատէ լիբանանեան ջանքերը` ընդգծելով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ երկրին քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը, կրցած է ապահովել երկրին քաղաքական կայունութիւնը` ապահովական անդորրին կողքին:

Ան ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու յանձնառութիւնը, որուն շնորհիւ պիտի ամրապնդուի երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը կը մնայ ամէնէն դժուար մարտահրաւէրը` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան կրցաւ տապալել ահաբեկչութիւնը եւ ազատագրել ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Իվան Սանթոս դիւանագիտական անձնակազմերուն անունով շնորհաւորեց նախագահ Աունը:

Սանթոս շեշտեց, որ այս տարի կը զուգադիպի Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին` աւելցնելով, որ այդ տօնը բոլոր լիբանանցիներուն համար կարեւոր է` նկատի ունենալով Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութիւնն ու ազատութիւնները` գոյութեան, մտքի եւ խղճի:

Սանթոս շեշտեց, որ անցեալ աշնան Լիբանանը հարուածած տագնապին ընթացքին նախագահ Աուն փաստած է, որ ինք իսկապէս Լիբանանի միասնականութիւնը եւ երկրին գերագոյն շահերը կը պահպանէ:

Սանթոս մաղթեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը կը յամենայ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին` աւելի եւս ամրապնդելու համար Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Աուն երեքշաբթի, 23 յունուարին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Քուէյթ:

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ. Պըրրի Կը Պահանջէ Իսլամական Երկիրներուն Դեսպանատուները Ուաշինկթընէն Այլ Վայրեր Փոխադրել Եւ Թրամփի Վարչակազմին Հետ Գործակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկել

Յաջորդը

Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին` «Պատմութիւնը Պէտք Է Ձգել Պատմաբաններուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.