Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ Քորէական թերակղզիին մէջ տիրող իրավիճակի քննարկման նպատակով քսան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կազմակերպուած հանդիպումին մասնակցութեան համար կը գտնուի Քանատա, իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլուն յայտարարած է. «Պատմութիւնը պէտք է ձգել պատմաբաններուն», եւ որ Թուրքիոյ խորհրդարանը չի կրնար պատմական դէպքերու վերաբերեալ որեւէ որոշում տալ:
«Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանը ոչ ոքի պատմութեան մասին որոշումներ կու տայ, չենք ալ կրնար տալ: Աւելի՛ն, սկզբունքօրէն դէմ ենք ատոր: Պատմական հարցերը պէտք է ձգել պատմաբաններուն: Այդպիսի հարցերու շուրջ որոշումներ տալու համար նաեւ անհրաժեշտ են համապատասխան դատական որոշումներ, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը իրաւական հարց է», ըսած է Չաւուշօղլու:
Ըստ անոր, Քանատայի մէջ կայ ուժեղ հայկական լոպի, որ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստին ճանաչման ուղղութեամբ: