Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1967)

January 15, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Յանդգնեցան

Մամլոյ միջազգային գործակալութիւնները բառի մը մէջ խտացուցին այն քայլը, զոր առած են նախկին դիւանագէտի մը թոռը եւ հալածական գրագէտի մը կինը:

– Յանդգնեցան:

Յանդգնեցան, օր ցերեկով, Մոսկուայի փողոցներուն մէջ, իրենց ստորագրութեամբ, թռուցիկ ցրուել` բողոքելու համար խորհրդային չորս երիտասարդ մտաւորականներու դատավարութեան եւ այն գործելակերպին դէմ, որուն դիմած էր դատարանը` բանտարկութեան դատապարտելով «ըմբոստ» երիտասարդները:

Ամէն օր թռուցիկ չեն ցրուեր Մոսկուայի փողոցներուն մէջ: Նման բան գրեթէ չէ պատահած, այն ալ` այս ծաւալով: Աննախընթաց է երեւոյթը: Միջազգային մամուլը ձեռք առած է խնդիրը, առ այժմ` առանց մեկնաբանութեան, բայց ապահովաբար վաղը ընդգծելու համար զայն` մանրամասնութիւններու եւ յայտնութիւններու երկար շարքով մը:

Մենք առաւել կը հետաքրքրուինք այս երեւոյթով: Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ ինչո՛ւ: Ալեքսանտր Կինզպուրկ, Եուրի Կալանսկով, Ալեքսի Տոպրովոլսկի եւ Վերա Լաշկովա, որոնք մէկէն եօթը տարի բանտարկութեան դատապարտուեցան, իրենց պէս մտածողներու բանակ մը ունին Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ: Հայաստան բացառութիւն չի կրնար կազմել: Բացառութիւն պիտի չկազմեն նաեւ մեր երկրին դատարանները, եթէ առիթը ներկայանայ:

Կարեւորը այդ չէ սակայն: Կարեւորը յանդգնութիւնն է Լիթվինովի թոռան եւ գրագէտ Տանիէլի կնոջ, որոնք համարձակութիւնը կ՛ունենան աշխարհի հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու իրենց երկրին մէջ պատահած «ամօթալի դատավարութեան» մը վրայ` պահանջելով, որ դատավարութիւնը վերաքննութեան ենթարկուի միջազգային դիտողներու ներկայութեան:

Այսպիսի կեցուածք կարելի չէր երեւակայել ստալինեան բռնակալութեան օրերուն, երբ հազարաւորներ` մտաւորական, գրագէտ, հանրային ու քաղաքական գործիչ, դռնփակ դատավարութիւններէ ետք, կը գնդակահարուէին Լուպիանայի գետնափոր նկուղներուն մէջ կամ կ՛աքսորուէին Սիպերիա… տառապալի հոգեվարքի մը հեռանկարով:

Այդ օրերու զոհերը իրենց բողոքողները չունեցան: Յանդգնութիւնը ջնջուած էր խորհրդային բառարաններէն: Բոլոր վճիռները արդար էին: Մարդիկ համայնավարութիւն կը կառուցէին` միլիոններու արիւնը գետի մը պէս հոսեցնելով:

Մեռաւ Ստալին ու խորհրդային նոր ղեկավարները փորձեցին մեռցնել նաեւ ստալինականութիւնը: Բայց բաւարար յանդգնութիւնը չունեցան վերջնականապէս հրաժարելու հինէն` նորին հիմերը նետելու համար ազատութեան մէջ:

Ստեղծուեցաւ որձեւէգ վիճակ մը: Ազատութիւն էր եւ չէր: Լայնախոհութիւն կար ու չկար: Պարտիան պէտք կը զգար պարբերաբար զգաստացնելու «միամիտները», որոնք կը փորձէին ձայն բարձրացնել, պահանջներ դնել, ազատ մտածումի եւ ազատ ստեղծագործութեան իրաւունքներ արժեցնել:

Զգաստացնելու նոր փորձ մը եղաւ վերջին դատավարութիւնը: Բայց հակառակ արդիւնքը  տուաւ: Մտաւորականները դատապարտուեցան, սակայն ուրիշներ եկան կամայական այդ վճիռը հրապարակով դատապարտելու: Յանդգնութիւնը հասցուցին անհնազանդութեան աստիճանին:

Այսպէս չի կրնար շարունակուիլ: Ըսած ենք: Կ՛ըսէ ամբողջ աշխարհ:

Ստալինեան բռնակալութիւն կամ ամբողջական ազատութիւն: Միջին ճամբայ չկայ: Պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ վարչակարգ կրցած է պարենաչափի ենթարկել այն աննիւթական հարստութիւնը, որ ազատութիւնն է մարդուն համար:

Ազատութիւնը չափ չի կրնար ճանչնալ: Կայ կամ չկայ: Ու եթէ կ՛ուզեն, որ ըլլայ, պէտք է ըլլայ կատարեալ, անկաշկանդ:

Ու այնքան ատեն որ այդպէս չէ, խորհրդային իշխանութիւնները շարունակ պիտի գտնուին «չհամակերպող» երիտասարդներու առջեւ, պիտի ստիպուին դատել ու դատապարտել, եւ թռուցիկները պիտի ողողեն Մոսկուան:

Այս է բնական ընթացքը:

Խորհրդային Միութիւնը չի կրնար բացառութիւն կազմել:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. – 2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.