Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Լիբանանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

January 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը:

Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առիթով` հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ ան առաւելագոյն ջանք պիտի ներդնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գծով: Նախագահ Սարգսեան ուրախութեամբ  արձանագրած է, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները, հիմնուած ըլլալով երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ, տարուէ տարի կը խորանան եւ կ՛ամրապնդուին: Նախագահին համոզումով` դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատումէն ետք անցած 25 տարիներուն ընթացքին երկու երկիրները  յաջողած են կառուցել այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնց բնորոշ են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, փոխադարձ վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին` լիբանանահայերուն նկատմամբ տասնամեակներ շարունակ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին համար, ինչ որ անոնց կարելիութիւն տուած է ո՛չ միայն պահպանելու իրենց ինքնութիւնը, այլ նաեւ զարգանալու եւ աշխուժօրէն մասնակցելու երկրի ընկերային-տնտեսական կեանքին:

Դեսպան Մայա Տաղեր շնորհակալութիւն յայտնած է  հանրապետութեան նախագահին ընդունելութեան եւ շնորհաւորանքին  համար` համակարծիք ըլլալով նախագահին հետ, թէ հակառակ անոր որ երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւնները միայն 25 տարուան  պատմութիւն ունին, սակայն անոնք շատ ամուր են` հիմք ունենալով երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը:

Դեսպան Տաղեր դրուատանքով խօսած է Լիբանանի հայ համայնքին  մասին, որ աշխուժ մասնակցութիւն ունի երկրի զարգացման գործին մէջ:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ Հայաստանը եւ Լիբանանը արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ: Հանրապետութեան նախագահը եւ Լիբանանի դեսպանը երկուստեք կարեւոր նկատած են Հայաստանի տնտեսութեան նկատմամբ լիբանանցի գործարարներուն աճող հետաքրքրութիւնը` ընդգծելով ներդրումներու խրախուսման եւ գործարարներու միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացման  անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Պէտք Է Կիրարկել Ոչ Թէ «Ցեղասպան Գործողութիւններ, Այլ «Ցեղասպանութիւն» Եզրը

Յաջորդը

Մանչեսթըր Սիթի Համաձայնութեան Եկաւ Ալեքսիս Սանչեսի Հետ

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.