Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 10, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ ինք չի հաւատար վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պատմած այն հեքիաթներուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ այս հանգրուանին արաբական աշխարհին վկայած գարունը իսրայէլեան գարուն է եւ ոչ թէ արաբական:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոլեթ Թաքիէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-պելճիքական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի «Էյ. Էն.Պի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` ընդգծելով, որ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները կը շարունակեն ամուր մնալ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` սկսելով Պընթ Ժպէյլէն, հասնելով մինչեւ Նապաթիէ եւ Իքլիմ Թուֆֆահ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ նախկին երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս հոգեբուժարան փոխադրուելու կարիք ունի: Ան շեշտեց, որ Անտրաուոս եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մանրուքներ են ու կը պարզեն խոցելի վիճակ մը, որուն վրայ իրենք կը խղճան:

ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ դիւանագէտ մը նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անցընելիք հիմնական քննութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի պետ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Վատիկան Միացեալ Նահանգներու հետ մնայուն կապի մէջ է, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն կացութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Սուրիա ահաբեկչութեան թիրախ կը դառնայ, որովհետեւ ան Դիմադրութեան զօրակցած է:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը եւ Ատհայի առիթով ընդունեց Քոնելլիի շնորհաւորութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը բաւական վտանգաւոր է եւ մտահոգիչ. ան նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրել:

ՆԱԽ Լիբանան խորհրդարանական համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այլընտրանք չունի բացի անկէ, որ յանձնառու պէտք է մնալ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:

«ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կայքէջին համաձայն, նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ռիատի մէջ ունեցած են իրենց առաջին հանդիպումը, որ դրական եղած է:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ են այնպիսի խորհրդակցութիւններ եւ հաղորդակցութիւններ, որոնք կը միտին Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու հարցին լուծում մը գտնել:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չի փափաքիր 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին խորհրդարանին մէջ իրեն յատուկ երեսփոխանական պլոք մը ունենալ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ջոկատ մը եւ լիբանանեան բանակը շրջափակեցին «Վերտան 732» կեդրոնը, երբ անոնք տեղեկութիւններ ստացան այդ կեդրոնին մէջ զետեղուած ականի մը մասին: Բանակի սակրաւորները փնտռեցին ամբողջ կեդրոնը,  որուն մէջ ական չգտնուեցաւ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը չէզոք պահելու` Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւններէն:

 

 

 

 

Նախորդը

«ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՁԵՒԱՒՈՐԵՆՔ ՍՏԵՂԾՈՂ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Յաջորդը

ՇԱՐՊԵԼ. «ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԵՆ ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԻՆ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։