Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասանժ Էքուատորի Քաղաքացիութիւն Ստացած Է» Կը Գրէ «Էլ Ունիվերսօ»

January 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուիքիլիքս» կայքի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժ Էքուատորի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած է: Այդ մասին կը յայտնէ «Լենթա» կայքը` վկայակոչելով հարաւային ամերիկեան «Էլ Ունիվերսօ» օրաթերթը:

Լրատուամիջոցներուն պնդումով, 21 դեկտեմբեր 2017-ին Ասանժի անունով պատրաստուած է փաստաթուղթ մը, որ կը հաստատէ Էքուատորի քաղաքացիութիւնը` Փիչինչա շրջանի գաղտնագիրով: Երկրի հարկային ծառայութեան կայքին վրայ կը հաստատուի, որ այդ անձնագիրը կը պատկանի «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիրին տուեալները ամբողջութեամբ կրկնող անուն-մականունով մարդու մը:

Էքուատորի արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ նախարարութիւնը պիտի չպատասխանէ լուրերուն կամ այդ գործին վերաբերող խեղաթիւրուած փաստերուն:

Ասանժ իր կարգին մեկնաբանութիւն չէ կատարած, սակայն «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկար մը, ուր ան կանգնած է Էքուատորի դրօշի գոյներով գազակով:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Շուէտի դատախազութիւնը դադրեցուցած է 2010-ին բռնաբարութեան համար կասկածուող Ասանժի գործի քննութիւնը: Սակայն Լոնտոնի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ եթէ Ասանժ դուրս գայ Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատան շէնքէն, զինք պիտի ձերբակալեն: Լոնտոնի մէջ ձերբակալման հիմնաւորումը պիտի դառնայ մինչեւ հիմա գործող հրամանագիրը, որ դատարանը տրամադրած է, երբ Ասանժ 29 յունիս 2012-ին մերժած էր յանձնուիլ դատարանին:

Ասանժ 2012-էն ի վեր կը գտնուի Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատունը` փորձելով խուսափիլ արտայանձնումէն: Ան մտավախութիւն ունի, որ կրնան զինք արտայանձնել Միացեալ Նահանգներուն, ուր ան կը հետապնդուի ամերիկեան հարիւր հազարաւոր գաղտնի զինուորական եւ դիւանագիտական փաստաթուղթերու արտահոսքին համար:

Նախորդը

Ըստ «Թայմզ»-ի. Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել Դամասկոսի Հետ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Զարմանք Կը Յայտնէ. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ազրպէյճանը Ընդգրկած Է Ահաբեկչական Վտանգ Ունեցող Երկիրներու Շարքին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.