Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Պաշտօնեաները Վերջ Տուին Իրենց Նստացոյցին` Անոնց Աշխատավարձին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Լոյսին Տակ

January 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ կէսօրէ ետք նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար:

Աւելի քան չորս ժամ տեւած նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներուն աշխատավարձի թղթածրարը:

Մերթ հանդարտ եւ մերթ փոթորկոտ քննարկումներէն ետք պատասխանատուները կրցան յանգիլ համաձայնութեան մը, որ բոլոր կողմերը շահաւոր դուրս բերաւ այդ իրավիճակէն:

Նշենք, որ նախարարներ Խալիլ եւ Ապի Խալիլ նախքան ընդարձակ նիստը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Աւելի ուշ այդ հանդիպումին միացան Պշարա Ասմար եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներու սենտիքայի նախագահը:

Նիստէն ետք Ապի Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաները վերադառնան իրենց աշխատանքին, որպէսզի ելեկտրական հոսանքը վերստին մատակարարուի քաղաքացիներուն:

Ան նշեց, որ կարելի եղած է թիւ 46 օրէնքին համապատասխան համաձայնութեան մը յանգիլ:

Իր կարգին, Խալիլ ըսաւ, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն իմաստով կարելի եղած է արդիւնքի մը յանգիլ եւ համաձայնութիւն մը գոյացնել:

Խալիլ յայտնեց, որ այս մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները, թէ այս հարցը քաղաքական ենթահող ունի, անճիշդ յայտարարութիւններ են` աւելցնելով, որ նիստին ընթացքին կատարուած քննարկումները վարչական եւ դրամական բնոյթ ունեցած են:

Խալիլ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին իրենք կրցած են օրէնքն ու սենտիքայի պահանջները միաձուլել եւ գոյացնել համաձայնութիւն մը:

Խալիլ ըսաւ նաեւ, որ իրենք կը ջանան լուծում մը եւ համաձայնութիւն մը գոյացնել նաեւ Լեռնալիբանանի եւ հարաւային Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութիւններուն պաշտօնեաներուն համար եւ մօտիկ ապագային յայտարարել այդ համաձայնութեան մասին:

Պշարա Ասմար նկատել տուաւ, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներուն մասին գոյացած համաձայնութիւնը պատուական է` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութեան պատճառով ելեկտրական հոսանք պիտի մատակարարուի բոլոր շրջաններուն մէջ:

Ասմար յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երեք ամիսէ ի վեր ամսական աշխատավարձ չեն ստացած:

Ան մաղթեց, որ այս համաձայնութիւնը լուծէ նաեւ սարակներուն հարցը:

Նշենք, որ ելեկտրական հոսանքի հնգօրեայ մնայուն ընդհատումէն ետք Զոքաք Պլաթի բնակիչները գիշերը կատարեցին նստացոյց մը եւ հրկիզուած անիւներով փակեցին Ռինկի կամուրջը:

Աւելի ուշ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը միջամտեցին եւ կրցան ճամբան վերաբանալ:

 

Նախորդը

Միքաթի Եաագուպի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան- Սէուտական Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.