Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ իր կազմին միացուց Աթլեթիքօ Պիլպաոյի 23 տարեկան բերդապահ Քեփա Արիզապալական, որ 20 միլիոն եւրոյի դիմաց վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ:
Նշուեցաւ, որ ան շատ հաւանաբար այս տարեշրջանը աւարտէ իր ակումբին հետ, որմէ ետք պիտի միանայ Ռէալ Մատրիտին:



