Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը 50 Միլիառ Լ. Ոսկիի Գումար Մը Յատկացուց Ներքին Գործոց Նախարարութեան` Կազմակերպելու Համար Երեսփոխանական Ընտրութիւնները

January 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին 50 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը յատկացուց ներքին գործոց նախարարութեան` կազմակերպելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորեց հայկական Ս. Ծնունդը, ինչպէս նաեւ ողջունեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնց հսկողութեան շնորհիւ կարելի եղած էր ապահովական կայուն մթնոլորտի մէջ անցընել տօնական օրերը:

Նախագահ Աուն նշեց, թէ կան շարք մը աշխատանքներ, որոնք 2018-ի ընթացքին պէտք է գործադրուին կառավարութեան կողմէ: Ան նշեց, որ յատկապէս քաղաքացիին ծառայութեան եւ երկրին գերագոյն շահերը ապահովող աշխատանքները պէտք է կատարուին մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն համապատասխան նախարարութիւններէն պահանջեց ներկայացնել առաջարկներ` Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք լիբանանեան բանակին զօրակցութեան խորհրդաժողովին եւ Փարիզի մէջ կայանալիք լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն զօրակցութեան խորհրդաժողովին ներկայացնելու նպատակով:

Նախագահ Աուն զգուշացուց լիբանանեան սահմաններուն դէմ ոտնձգութիւններ գործող իսրայէլեան ուժերուն արարքներէն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը Իսրայէլի կառուցած պատին: Ան կոչ ուղղեց հետեւելու սահմանային իրադարձութիւններուն:

Անդրադառնալով լրատուամիջոցներուն եւ անոնց ազատութեան` նախագահ Աուն ըսաւ. «Երկրին մէջ չկայ լրատուամիջոց մը, որուն աշխատանքները թիրախ են, հետեւաբար կարելի չէ ըսել, որ լրատուական ազատութիւնները վտանգուած են: Խնդիրը պարզապէս այն է, որ դատական իշխանութիւնները քայլերու նախաձեռնած են որոշ հարց մը քննելու նպատակով»:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ ինք երկրին ազատութիւններուն յանձնառու է այնքան, որքան նախանձախնդիր է օրէնքներու գործադրութեան:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը կրցած է քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական հսկայ նուաճումներ արձանագրել անցեալ տարուան ընթացքին` աւելցնելով, որ աշխատանքային այդ թափը պէտք է շարունակել մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:

Հարիրի յայտնեց, որ կարգ մը հարցերու շուրջ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն կեցուածքները կրնան տարբեր ըլլալ, «սակայն կառավարական համախոհութիւնը առկայ է եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումը շատ աւելի կարեւոր է ամէն տարակարծութենէ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով լրատուամիջոցներու ազատութեան` Հարիրի յայտնեց, որ այդ ազատութիւններուն նկատմամբ ամէնէն յանձնառուն կը մնայ հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս որ ան յանձնառու կը մնայ դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ բոլորին յարգանքին:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք իր կարգին նախանձախնդիր է տեղեկատուական ազատութեան պահպանումին:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի նիստէն ետք յայտնեց նաեւ, թէ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է, որ պաշտպանութեան եւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուի ձիթաիւղի եւ խնձորի արտադրութեան մէկ մասը գնելու իմաստով:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ համաձայնագիրը գործադրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ բրիտանական զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել Ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն տրամադրուած նպաստներուն:

ԹԷԵՒ կառավարութիւնը շրջանաւարտ սպաներու աստիճաններու բարձրացումին թղթածրարը չքննարկեց կառավարութեան նիստին ընթացքին, սակայն Հարիրի նիստէն ետք նախագահ Աունի հետ ունեցաւ երկրորդ դռնփակ հանդիպում մը, որմէ ետք շեշտեց, թէ այդ հարցը լուծման ուղիին վրայ կը գտնուի:

Նախորդը

6 Յունուարը Պաշտօնական Տօն` Վարչապետին Հրամանագիրով

Յաջորդը

400 Մարզիկներ Մասնակցեցան Ձմեռնային Ակադեմիաներու Մրցաշարքին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.