Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն-Իսլամապատ Բանավէճ. Սպիտակ Տուն. «Փաքիստան Շատ Բան Ունի Կատարելիք Ահաբեկչութիւնը Զսպելու Համար»

January 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնեց. «Փաքիստան շատ բան ունի կատարելիք ահաբեկչութիւնը զսպելու համար, եւ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ անիկա ատոնք կատարէ»:

Սանտըրզ այս յայտարարութիւնը կատարեց 2018-ի իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երբ անդրադարձաւ երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած յայտարարութեան, որուն մէջ Թրամփ Իսլամապատը ամբաստանեց ահաբեկչութեան զօրակցութեամբ:

«Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին անոնք մեզմէ ստացած են 33 միլիառ տոլար, իսկ մենք ոչինչ ստացած ենք բացի սուտերէ եւ խաբէութենէ` մտածելով, թէ մեր ղեկավարները յիմար են», գրած էր Թրամփ:

Ան Փաքիստանը ամբաստանած էր թաքցնելու համար իսլամական զինեալները, որոնց դէմ Միացեալ Նահանգներ կը պայքարին Աֆղանիստանի մէջ: Թրամփ ըսած էր, թէ այդպիսի միակողմանի յարաբերութիւններուն վերջ պիտի տրուի:

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խուրրամ Տասթկիր-Խան պատասխանելով Թրամփին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ իր երկիրը միշտ ալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու հաւատարիմ դաշնակիցը եղած է: Ամերիկացի զինուորականներուն ռազմակայաններ ու կապի միջոցներ տրամադրած է, յանձնած է հետախուզական տուեալներ, «սակայն Միացեալ Նահանգները միայն կը վիրաւորեն եւ անվստահութիւն կը յայտնեն», գրած է Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարարը` նշելով, որ ստացած իւրաքանչիւր սենթին համար կրնան հրապարակաւ հաշուետուութիւն կատարել:

Սպիտակ տունը երկուշաբթի օր յայտնեց, որ Փաքիստանին պիտի չփոխանցէ 255 միլիոն տոլարի զինուորական օժանդակութիւնը, որ հաստատուած էր 2016 թուականին: Ուաշինկթըն կը պահանջէ, որ վերջ տրուի Փաքիստանի տարածքին մէջ Թալեպան շարժումի առնչակից խմբաւորումներուն, իսկ Իսլամապատը կը պատասխանէ, թէ այդ ուղղութեամբ կը կատարէ իր առաւելագոյնը:

 

Նախորդը

Սուտանի Իշխանութիւնները Ժամանակաւորապէս Թուրքիոյ «Փոխանցած» Են Սուաքին Կղզին

Յաջորդը

Պաղեստինցիները Կը Մերժեն Թրամփի Շանթաժը. Թրամփ Կը Սպառնայ Դադրեցնել Պաղեստինցիներուն Տրամադրուած Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.