Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Կասեցուց Ռոքեթցի Յառաջխաղացքը, Հակառակ Անոր Որ Հարտեն Նշանակեց… 51 Կէտ

December 22, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 122-116 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտէն:

Իր արձանագրած այս յաղթանակով, այսպիսով Լէյքըրզ եկաւ կասեցնելու Ռոքեթցի յառաջխաղացքը: Վերջինս նախորդ 14 մրցումներուն արձանագրեց յաջորդական 14 յաղթանակ:

Ճէյմս Հարտեն Լէյքըրզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին

Թէեւ Ռոքեթցի մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 51 կէտ, սակայն անոր կազմը կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը (ցարդ ամէնէն քիչը): Քայլ Քուզմա (Լէյքըրզ) նշանակեց 38 կէտ:

Կէտի մը տարբերութեամբ` 90-89 արդիւնքով Պոսթըն Սելթիքս իր հիւրէն` Մայեմի Հիթէն պարտութիւն մը կրեց: Քիրի Ըրվինկ (Սելթիքս) նշանակեց 33 կէտ:

Օքլահոմա Սիթի բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 107-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 24 կէտ:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 97-84 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մեմֆիս Կրիզլիզին: Քլէյ Թոմսըն (Ուորիըրզ) նշանակեց 29 կէտ, իսկ Մարք Կազոլ (Կրիզլիզ)` 21 կէտ:

Այսօրուան մրցումներուն յայտագիրն է.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շիքակօ Պուլզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Եութա Ճեզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շարլոթ Հոռնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ111-129
Աթլանթա Հոքս – Ինտիանա Փէյսըրզ95-105
Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ89-90
Պրուքլին Նեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ99-104
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք112-94
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ116-122
Օքլահոմա Սիթի – Եութա Ճեզ107-79
Տալաս Մավըրիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ110-93
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ104-112
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ91-93
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ97-84
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ108-95
Նախորդը

Անգլիական Ֆութպոլ. Տիտղոսակիր Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Մնաց Լիկայի Բաժակի Մրցաշարքէն

Յաջորդը

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Տիրացաւ Ոսկի, Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներու

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.