Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոկերինիի Այցելութեամբ` Միջազգային Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Կառավարութիւնը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը` Երկրի Առկախ Հարցերու Լուծման Եւ Վստահութեան Ամրագրման Խոստումով

December 20, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կայունութեան եւ անդորրութեան ամրապնդման գծով արտաքին, յատկապէս` միջազգային երաշխիքներու եւ յանձնառութեան իբրեւ ցուցանիշ, Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան յանձնակատար Ֆրետերիքա Մոկերինի երէկ` Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, վերահաստատեց միջազգային այս կազմակերպութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման ճիգերուն:

Մոկերինի, որուն կ՛ընկերանար Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիստինա Լասըն, իր գլխաւորած պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի երեք իշխանութեանց եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Նախագահ զօր. Միշէլ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունելով միջազգային ներկայացուցիչը, մաղթեց, որ Լիբանանի զօրակցութեան գծով խոստացուած համագումարներն ու վեհաժողովները, խօսքէն անդին անցնելով, յանգին գործնական արդիւնքներու: Բարձր գնահատելով Լիբանանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան ցուցաբերած դրական կեցուածքը` նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի վրայ շրջանային տագնապներու ժխտական անդրադարձներուն, յատկապէս` երկրին մէջ ապաստանած աւելի քան մէկ միլիոն 850 հազար սուրիացի գաղթականներու պարագային, որ բացասական հետեւանքներ կ՛ունենայ Լիբանանի կրթական, առողջապահական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ: Նախագահ Աուն պահանջեց սուրիացի գաղթականները վերադարձնել Սուրիոյ այն շրջանները, ուր յարաբերական կայունութիւն կը տիրէ: Պարզելով Լիբանանի այժմու իրավիճակը, նախագահ Աուն շեշտեց անհրաժեշտութիւնը ազգային միասնականութեան, որուն ամրապնդման շնորհիւ կարելի եղաւ կանխել որոշ տագնապներ, յատկապէս` վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարման յետս կոչելէն ետք:

Այն Թինէի մէջ Մոկերինի բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ճիգերը` երկրի ներքին, յատկապէս խորհրդարանական միասնականութեան վերաբերող: Ան խոստացաւ «Փարիզ 4»-ի թէ Հռոմի եւ Պրիւքսէլի մէջ գումարուելիք Լիբանանի զօրակցութեան յատուկ ժողովները յաջորդական քայլերու բարեյաջող կերպով իրականացնել: Իր կարգին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային յանձնակատարին` իր ներկայացուցած միութեան ի նպաստ Լիբանանի ցուցաբերած կեցուածքին համար: Պըրրի նոյնպէս դրուատեց Եւրոպական Միութեան` Երուսաղէմի զօրակցող կեցուածքը` մաղթելով, որ սուրիական տագնապը յանգի դրական ու բարեյաջող լուծման, ի նպաստ շրջանին ու Լիբանանին:

Մամլոյ Ասուլիս Հարիրիի Հետ

Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը նաեւ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի անոր կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ, ուր մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տրուեցաւ: Հոս եւս Մոկերինի վերահաստատեց Լիբանանի զօրակցութիւնը` շնորհաւորելով` լիբանանցի ժողովուրդը եւ ողջունելով Լիբանանի կառավարութեան ճիգերը` երկրի բարեկարգման ու բարգաւաճման: Մոկերինի նաեւ ողջունեց արտաքին, յատկապէս` շրջանային տագնապներուն գծով Լիբանանի որդեգրած ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը` մաղթելով, որ անիկա կիրարկուի լիբանանեան բոլոր խմբաւորումներուն կողմէ: Իսկ վարչապետ Հարիրի` դրուատելով Եւրոպական Միութեան ճիգերը, ընդգծեց, որ իր առաջնակարգ մտահոգութիւններէն է Լիբանանը պաշտպանել ու զայն զերծ պահել շրջանային հրդեհներէն: Հարիրի նշեց, որ միջազգային ներկայացուցիչին հետ միասնաբար քննարկած են ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումն ու Երուսաղէմի ինչպէս նաեւ նաւթարդիւնաբերութեան հարցերը` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է իր տուած երաշխիքներու գործադրութեան:

Նաեւ` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ եւս Մոկերինի վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան` Լիբանանի զօրակցութիւնը եւ շեշտեց Լիբանանի բարգաւաճման ու ապահովութեան կայունութեան հաստատման կարեւորութիւնը միութեան համար: Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականի յետս կոչումէն ետք ինք միջազգային առաջին պատասխանատուն է, որ կ՛այցելէ Պէյրութ:

Նմանապէս` նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, թէ Մոկերինիի այցելութիւնը միջազգային յաւելեալ երաշխիք է Լիբանանի համար:

Նախարար Պասիլ երէկ նաեւ ընդունեց Ֆրանսայի ծերակոյտի լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան միութեան նախագահ երեսփոխան Լուիք Քորֆրան` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ամալիա Լաքրաֆիի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու յատկապէս սուրիացի գաղթականներու հարցը:

Կառավարութեան 2017-ի Հրաժեշտի Նիստը

Երկրի առկախ հարցը լուծելու, քաղաքացիներուն կարիքները հոգալու ու իրեն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերահաստատելու իր ճիգերուն մէջ, կառավարութիւնը երէկ գումարեց ընթացիկ տարուան իր վերջին նիստը, որուն օրակարգի վրայ էին 67 կէտեր:

Յետ օրակարգի կէտերու քննարկման ու կարծիքներու փոխանակման, կառավարութիւնը վաւերացուց եւ համապատասխան որոշումներ տուաւ առաջադրուած հարցերուն գծով, ինչպէս` մէկ տարիով  երկարաձգեց բջիջային հեռաձայններու «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութեանց գործունէութիւնը: Կառավարութիւնը նաեւ Վերակառուցման եւ բարգաւաճման խորհուրդի ներկայացուցած զեկուցումի լոյսին տակ Պուրճ Համուտի եւ Քոսթապրավայի թափոններու հարցը փոխանցեց կենսոլորտի յատուկ յանձնախումբին, որ հետապնդէ այս թղթածրարի ամբողջացման առկախ քայլերը եւ համապատասխան զեկուցում ներկայացնէ կառավարութեան: Նմանապէս կառավարութիւնը վաւերացուց լիբանանցի սպաներու 1994-ի «Աունի սերունդ»-ի մէկ տարիով երէցութեան հանգամանքը, ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ համապատասխան կարգավիճակներու եւ պաշտօններու տնօրինումը նշեալ սպաներուն գծով: Նշենք, որ այս գծով որոշ տարակարծութիւն ծագեցաւ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ մերժեց ընդունիլ որոշումը` պահանջելով յետս կոչել զայն այն հիմնաւորումով, որ նման որոշում պէտք է նաեւ իր վաւերացումն ու ստորագրութիւնը կրէ:

 

 

Նախորդը

Մինսքի Մէջ Վրաստանի Եւ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչները Գաղտնաբար Կը Քննարկեն Սահակաշվիլիի Արտայանձնումի Հարցը

Յաջորդը

Բացայայտուած Են Յունաստանի Մէջ Էրտողանի Դէմ Մահափորձի Կանխարգիլման Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.