Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ստեղծուած Բացը

December 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

6 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ընտրական խոստումը կատարելով ամերիկեան դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրումը յայտարարեց` աւելցնելով. «Որոշեցի, որ ժամանակը հասած է Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու»:

Ան այդպիսով ո՛չ միայն այդ առնչութեամբ Քոնկրեսի որոշումի գործադրութիւնը յետաձգելու ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակազմերու քսանամեայ քաղաքականութեան վերջ տուաւ, այլ նաեւ` պաղեստինցիներու եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեան: Թրամփ այդպիսի դերակատարութեան մը համար կենսական եղող պարկեշտութենէն հրաժարելով` հակամարտ երկու կողմերուն համար վիճելի եւ գերզգայուն հարցի մը շուրջ կողմնակալ որոշում մը տալով կանխորոշեց Երուսաղէմի խնդիրին լուծումը, ինչ որ միջնորդութեան կանոնի մեծ խախտում մը եղաւ: Ճիշդ է, որ Իսրայէլի ի նպաստ ամերիկեան վարչակազմերու կողմնակալութիւնը նորութիւն մը չէ, սակայն ներկայ վարչակազմը, ի տարբերութիւն նախորդներուն, «դանակը հասցուց ոսկորին»:

Թրամփի` աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ղեկավարներու յորդորները անտեսող մեծամտութիւնը, եթէ մէկ կողմէ սպաննեց ամերիկեան միջնորդութիւնը, միւս կողմէ վերակենդանացուց պաղեստինեան դատը` զայն վերստին բերելով լուսարձակի տակ: Այդ որոշումը արաբական աշխարհի հասարակութիւնը դուրս բերաւ իր մահաքունէն, եւ արաբ ղեկավարներու ուշադրութիւնը, թէկուզ ժամանակաւորապէս, շեղեց միջարաբական տագնապներէն:

Բնականաբար, Թրամփի որոշումը կը ստեղծէ ամերիկեան միջնորդութիւնը փոխարինողի մը փնտռտուքին հրամայականը: 13 դեկտեմբերին` Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ վեհաժողովի աւարտին, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց, որ անհրաժեշտ է քննարկել, թէ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ յաջորդ միջնորդը ո՛վ պիտի ըլլայ, ո՛չ միայն ամերիկեան միջնորդութեան մահը կը գուժէր, այլ նաեւ տողատակի իր երկրին թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէր: Պատեհապաշտ Անգարայի ախորժակը դժուար թէ բաւարարուի, որովհետեւ իսրայէլեան կողմը բնականաբար ժխտականօրէն տրամադրուած պիտի ըլլայ զինք մանուկներ սպաննող պետութիւն կոչողի մը միջնորդութեան նկատմամբ:

Թրամփի որոշումին պատճառով ստեղծուած է բաց մը, եւ Էրտողան իր կատարած յայտարարութեամբ եկաւ վկայելու զայն «լեցնելու» շուրջ սկիզբ առած պայքարին մասին: Այդ բացն ու դերակատարութիւնը վերածուած են միջազգային կարեւոր ու հրատապ հարցի մը. յառաջիկայ օրերուն վստահաբար բազմաթիւ ախորժակներ պիտի բացայայտուին եւ բազմաթիւ փորձեր պիտի կատարուին:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի Ալպոմի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Գ. Լիագումարի Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.