Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Մէջ Ցեղասպանութեան Հարցը Չմտաւ Լիագումար Նիստի Օրակարգ

December 13, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի ընդդիմադիր Հայրենասէրներու դաշինքի երեսփոխաններու Ախալքալաքի ժողովին դիմումը, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի տեղական մակարդակով, չհասաւ լիագումար նիստի օրակարգ: «Ճնիուզ» կը հաղորդէ, որ Շրջանային ժողովի գրասենեակը քննարկեց, սակայն դէմ քուէարկեց այդ դիմումին:

11 դեկտեմբերին Ախալքալաքի Շրջանային ժողովի գրասենեակի նիստի քննարկման ներկայացուած էին հինգ հարցեր, որոնցմէ չորսը` Ախալքալաքի քաղաքապետարանի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ, իսկ մէկը` ընդդիմադիր Հայրենասէրներու դաշինքի երեսփոխաններուն կողմէ:

Նշեալ կուսակցութեան երեսփոխանները 1 դեկտեմբերին դիմած էին Ախալքալաքի Շրջանային ժողով, որպէսզի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Գրասենեակի անդամները նպատակայարմար չգտան տուեալ ժամանակաշրջանին այս հարցին արծարծումը` պատճառաբանելով, որ անիկա նախ պէտք է բազմահարթակ հանրային քննարկումներու եւ խորհրդակցութիւններու հիմամբ համաձայնեցուած արծարծուի: Գրասենեակի անդամները իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ նշեցին, որ աշխարհի վրայ չկայ հայ մը, որ չընդունի եւ չդատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ախալքալաքի Սաքրեպուլոյի նախագահ Նայիրի Իրիցեան Հայրենասէրներու դաշինքի պահանջին պատասխանը բացատրեց հետեւեալ ձեւով.

«Եթէ հարցը պէտք է արծարծենք ու արդիւնք չստանանք, ինչո՞ւ արծարծենք: Դաշինքը այսօր վեց երեսփոխան ունի Վրաստանի խորհրդարանին մէջ, ինչո՞ւ դիմած են, որ մեր մեծամասնական երեսփոխանը ադ հարցով խորհրդարան մտնէ, թող իրենց երեսփոխանները հարցը բարձրացնեն խորհրդարանին մէջ: Եթէ վրացին այս հարցը արծարծէ, աւելի լաւ ու ճիշդ պիտի ըլլայ, յետոյ մեր հայ երեսփոխանները թող միանան: Ախալքալաքի մէջ խօսք արտասանելու ժամանակ այդ հարցը արծարծած էին, այդ մարդը նաեւ ըսած էր, որ գիտէք, մենք կ՛ընդունինք, որ ատիկա (Հայոց ցեղասպանութիւնը, «Ա.») եղած է, սակայն մենք այսօր հարցը ճանչնալ չենք կրնար: Ատոր համար լաւ պիտի ըլլայ, որ իրենց երեսփոխաններուն հետ միացեալ խորհրդակցութիւն կատարեն, յետոյ ներկայացնեն ժողովին»:

Գրասենեակի նիստին ներկայ էր նաեւ ընդդիմադիր Հայրենասէրներու դաշինքին կողմէ շրջանային ժողովի մեծամասնական երեսփոխան Կենատի Էլիզպարեան, որ ամբողջ ընթացքին լուռ կը լսէր իր գործընկերներուն խօսքերը: Գրասենեակի 9 անդամներէն 8-ը դէմ քուէարկեց, իսկ մէկը` Կենատի Էլիզպարեան` թեր, այդպիսով մեծամասնութեան ձայներուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը չմտաւ Սաքրեպուլոյի լիագումար նիստի օրակարգ:

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Զինուորական Լուծում Չի Կրնար Ունենալ» Ըսաւ Լաքոթ

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Հայաստան – Իրան Բարեկամական Խումբի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Իրանի Մէջ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.