Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ը Միջազգային Կամաւորի Օրուան Առիթով Երախտագիտական Խօսքը Կ՛ուղղէ Իր Անդամներուն

December 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութիւնը  կը միանայ գաղութին` տօնելու համաշխարհային Կամաւորի օրը` առ ի գնահատանք այն բոլոր կամաւորներուն եւ ընկերներուն, որոնք իրենց անսակարկ նուիրումով, նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին այլազան աշխատանքներու` գաղութի եւ հայրենիքի բարելաւման համար:

Այս առիթով, Կեդրոնական վարչութիւնը իր երախտագիտական խօսքը կը յղէ իր անդամներուն, որոնք անձնուրաց ոգիով յառաջ կը տանին բարեսիրական գործը ու կարելի կը դարձնեն, որ այս կազմակերպութիւնը նորանոր յաջողութիւններ արձանագրէ:

Քաջ կը գիտակցինք, որ մեր կազմակերպութեան ուժը մեր ընկերներէն կախեալ է, որոնք ամենայն պարտաճանաչութեամբ, մանաւա՛նդ անշահախնդրութեամբ, գործունեայ մասնակցութիւն կը բերեն իրենց շրջապատին, գաղութին ու հայրենիքին բարօրութեան աշխատանքներուն: Անոնց նուիրեալ ու անսակարկ ներդրումը մղիչ ուժ կը դառնայ, որուն շնորհիւ մեր կառոյցները կը հզօրանան, համայքները կը կազմակերպուին, եւ հայրենիքը կը յառաջդիմէ:

ՀՕՄ-ը մէկ դարէ աւելի կրցած է իր աշխատանքները տանիլ` շնորհիւ տիպար ՀՕՄ-ականներուն, որոնք անսակարկօրէն ծառայեցին հայ ժողովուրդին` կարիքաւորներուն նուիրաբերելով իրենց ժամանակը, ուժն ու կորովը` յանուն միութեանս ազգանուէր առաքելութեան: Այսօր, աւելի քան երբեք, վստահ ենք, որ ՀՕՄ-ը պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ իր աշխարհածաւալ կամաւոր բանակով:

Կամաւորի օրուան առիթով, կոչ կ՛ուղղենք բոլորի՛ն, որ իրենք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայակերտման այն կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնք վճռած են մնալ ժողովուրդին կողքին` կառչած մնալով ազգային մեր վեհ տեսլականներուն:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Եւ Միջազգային Կնոջական Ընկերվարական Շարժումը

Յաջորդը

«Կամաւորներու Կարիքը Ունիմ»

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.