Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Եւ Միջազգային Կնոջական Ընկերվարական Շարժումը

December 9, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Յատկանշական երեւոյթ մըն է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը եւս կը զուգադիպէ «Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւ»-ին: ՀՅԴ-ն իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եղած է սեռային հաւասարութեան ջատագով` թէ՛ տեսական-գաղափարաբանական, թէ՛ ալ գործնական առումներով:

ՀՅԴ-ի ընկերային-յառաջդիմական կողմնորոշումները (մանաւանդ ինչ կը վերաբերի կիներու իրաւունքներուն) ակնյայտ են կուսակցութեան պատմութեան էջերուն մէջ, մանաւանդ 1905-1920 երկարող տարիներուն ընթացքին: Ամէն ինչ սկսաւ 1904-ին, երբ ՀՅԴ-ն Ցարական կայսրութեան մէջ գործող այլ յեղափոխական կուսակցութեանց հետ միասին կը մասնակցի խորհրդաժողովի մը, որ իբրեւ իր նպատակներէն մին կ՛որդեգրէ «համընդհանուր քուէարկութեան իրաւունք»-ը ապահովել Ցարական կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր քաղաքացիներուն` առանց սեռի խտրութեան: «Համընդհանուր քուէարկութեան իրաւունք»-ը` ձեռք ձգելու որոշումը ՀՅԴ-ին կողմէ կը գործնականացուի «Կովկասեան նախագիծ»-ի որդեգրումէն (1904) ետք, որ պատճառ կը դառնայ 1905-ի ռուսական յեղափոխութեան ՀՅ Դաշնակցութեան մասնակցութեան:

1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութիւնը իր կարգ մը կողմերով զուտ կնոջական դիմագիծ կ՛ունենայ արդէն, այդ յեղափոխութեան մէջ իր մեծագոյն մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՅԴ-ն` հայկական շրջաններուն մէջ մաս կազմելով յեղափոխական մարմիններուն:

Նորաստեղծ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մէջ իբրեւ իշխող կուսակցութիւն, ՀՅԴ-ն կ՛օրինականացնէ «համընդհանուր քուէարկութեան իրաւունք»-ը եւ կը նշանակէ աշխարհի մէջ առաջին կին դեսպանը (Տիանա Աբգար):

Իբրեւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան աւանդութիւններով օժտուած կուսակցութիւն եւ երկար փորձառութիւն ունենալով այդ գաղափարախօսութեան ամրապնդման առումով` ազգային միջավայրին մէջ, ՀՅԴ-ն իր ընկերվարական հարուստ փորձառութեան շնորհիւ անդամակցած է Ընկերվար միջազգայնականին եւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան, հետեւաբար իր մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ կազմակերպութիւններու կնոջական թեւերու աշխատանքներուն: Այդ կնոջական կառոյցները հետեւեալներն են.

Ա.- Կիներու ընկերվար միջազգայնական. Միջազգային աշխատաւորական, ընկերվար- ժողովրդավարական եւ ընկերվարական կուսակցութիւններու պատկանող կնոջական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հանդիսանայ Ընկերվար միջազգայնականի կնոջական թեւը. հիմնուած է 17 օգոստոս 1907-ին, գերմանացի մարքսական տեսաբան եւ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան գործիչ Քլարա Ցեթքինի կողմէ: Կիներու ընկերվար միջազգայնականը իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, խորհրդակցական ձայնով նաեւ անդամակցած է ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհրդակցութեան: Կիներու ընկերվար միջազգայնականը կը կեդրոնանայ յանուն սեռային հաւասարութեան, առողջապահական իրաւունքներու, բռնութեան դէմ եւ ժողովրդավարութեան արժէքներու ամրապնդման համար պայքարին վրայ:

Բ.- Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան կիներ. Եւրոպական ցամաքամասին մէջ գտնուող աշխատաւորական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ ընկերվարական կուսակցութիւններու պատկանող կնոջական կազմակերպութիւն մըն է, որ ուղղակիօրէն կապուած է Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ կը ներկայացնէ անոր կնոջական թեւը: Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան կիները կը պայքարին վիժումի օրինականացման, հաւասար աշխատավարձի եւ երկու սեռերուն միջեւ հաւասար ներկայացուցչութեան հարցերուն համար: Կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ երկու կարեւոր արշաւներ, որոնք են` «Հաւասար վճարում» (որ կը կեդրոնանայ իգական սեռին` տղամարդոց հաւասար աշխատավարձ ապահովելու հարցին վրայ) եւ «Իմ մարմինս է, իմ իրաւունքս է» (վիժումի օրինականացման արշաւ):

 

 

Նախորդը

Հին Առարկաներ Հտպիտներու Կը Վերածուին…

Յաջորդը

ՀՕՄ-ը Միջազգային Կամաւորի Օրուան Առիթով Երախտագիտական Խօսքը Կ՛ուղղէ Իր Անդամներուն

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.