Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փերուի Մէջ Գեղեցկուհիներու Իւրայատուկ Հակազդեցութիւնը` Կիներու Նկատմամբ Կատարուած Բռնութիւններուն

December 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՇԱՀԷՆ ԱՐԱՊՕՂԼԵԱՆ

Պոկոթա, Քոլոմպիա, Լատին Ամերիկայի մէջ,  գեղեցկութեան 24  թեկնածուները ոսկեայ հագուստներով բեմին վրայ կանգնած` կը սպասէին իրենց կարգին:

Երբ սկսան յայտարարուիլ թեկնածուներուն անունները, որոնց պիտի յաջորդէին անոնց մարմիններու չափերուն յայտարարութիւնները, Քամիլա Քանիքոպան տարբեր մօտեցումով մը ինքզինք ներկայացուց:

«Մարմնիս չափերը` 2,202 բռնարարքներու զոհ կիներու պարագաներ` արձանագրուած վերջին 9 տարիներուն ընթացքին, իմ երկրիս մէջ», ըսաւ Քանիքոպան, որ թեկնածու մըն էր Փերուի գեղեցկութեան մրցումին:

Անոր յաջորդեցին գեղեցկութեան մնացեալ թեկնածուները` նոյնատիպ արտայայտութիւններով:

Անոնցմէ մէկը խօսեցաւ բռնաբարութեան պատճառով մահացող փոքրիկներու մասին, ուրիշ մը նշեց, թէ ինչպէ՛ս Փերուի կիներուն 70 առ հարիւրը այս կամ այն ձեւով տղամարդոց կողմէ կատարուած բերանացի կամ ֆիզիքական յարձակումներու զոհ դարձած է: Նշենք, որ անցեալ ամսուան ընթացքին Ամերիկայի մէջ կիները իրենց մատները ուղղելով` ցոյց տուին Հոլիվուտի թէ կառավարական բաժանմունքներու մէջ պաշտօնավարող այն մարդոց, որոնց սեռային բռնութեան զոհը դարձած էին իրենք` անձամբ:

Մինչ Փերուի մէջ կիները այս մատնանշումները արտայայտեցին գեղեցկութեան մրցումին`  իրենց յատուկ ձեւով, ամբողջ աշխարհին դիմաց խոշորացոյցի տակ առնելով Փերուի  մէջ կիներուն հանդէպ գործուող բռնութեան ահաւոր տարողութիւնը: Նշենք, որ լրագրական աղբիւրներ Լատին Ամերիկայի այս արարքները սկսած են կոչել  «կնասպանութիւն» (feminicide):

Գեղեցկութեան մրցումներու պատմական աւանդութիւններուն չհետեւելով` այս անգամ գեղեցկուհիները դարձան երկրին դատական կազմը` քննադատութեան ենթարկուելու փոխարէն:

«Հազարաւոր կիներ կը կարծեն, որ մինակ են բռնաբարութեան եւ ընտանեկան բռնութեան ոլորտին մէջ. այս ձեւով, սակայն, այդ բոլոր կիները իմացան, որ առանձին չեն», ըսաւ Ճեսիքա Նիութըն` գեղեցկութեան մրցումին կազմակերպիչը, որ ամբողջութեամբ նեցուկ կանգնած էր գեղեցկուհիներու ծրագիրին:

Պէտք է նշել, որ Փերուն իններորդ երկիրն է բռնարարքի պատճառով մահացող  կիներու ցանկին վրայ: Քանի մը տարի առաջ հռչակաւոր դերասանուհի Ռութ Սանչեզ սպաննուած էր իր ընկերոջ կողմէ, երբ հեռասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդունած էր, թէ  դրամի համար սեռային յարաբերութիւն ունեցած է աղքատութեան իր օրերուն:

«Գաղափարը ժողովուրդին արթնցնել եւ ցոյց տալ էր, թէ որքա՛ն մտահոգիչ են այս թիւերն ու տեղեկութիւնները: Ուզեցինք իրականութիւնը ցոյց տալ անոնց, որոնք կ’ուզէին գեղեցիկը տեսնել միայն», ըսաւ Լուսիանա Օլիվարես` այս ծրագիրին կազմակերպիչը:

Բռնարարքի պատճառով մահացող  կիներու ցանկը կը գլխաւորեն  Սալվատորն ու Հոնտուրասը:

 

Նախորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Շարունակուող Ապատեղեկատուութիւնը Եւ Զգօնութեան Հրամայականը

Յաջորդը

«Յաջողեցաք Զահլէին Պատիւը Պահել, Որովհետեւ Հաւատացիք, Որ Ձեր Պատիւը, Հայու Պատիւը, Լիբանանցիի Պատիւն Է, Որ Կը Պահէք» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 14, 2026
Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.