Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

լիբանանեան կարճ լուրեր

November 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ իրենք կը սպասեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին` իմանալու համար արձանագրուած զարգացումներուն իսկութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Հըզպալլայի արտաքին միջամտութիւնները այլեւս կարելի չէ հանդուրժել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը Լիբանանի արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան վերահաստատումն է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի սպայակոյտի պետ Ղատի Այզընքոթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ յարձակելու ծրագիրներ չկան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական ու ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ ռուսական դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Զասիփքին նշեց, որ Ռուսիա կը մերժէ Հըզպալլան Լիբանանի կառավարութեան կազմէն հեռացնելու պահանջը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի չընդունի Հըզպալլան լուսանցքայնացնել, այլ խօսքով` առանց Հըզպալլայի կառավարութիւն կազմել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլա մէկ ետքայլի դիմած են` օժանդակելու համար Լիբանանի տագնապին լուծման:

«ԼԸ ՖԻԿԱՐՕ» կը գրէ. «Ֆրանսա Լիբանանի ընդմէջէն Արեւելք կը վերադառնայ, իսկ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի քաղաքականութիւնը յաջողութիւն կ՛արձանագրէ»: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի անակնկալ հրաժարականը միասնականացուցած է լիբանանցիները:

«ՏԷՅԼԻ ՄԱՅԼ» կայքին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ նպատակադրած է Լիբանանի դէմ պատերազմ բռնկեցնել` օգտագործելով Իսրայէլը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պահաէտտին Հարիրին Լիբանանի իշխանութեան պետ նշանակելու եւ Հարիրի ընտանիքին հեղինակութիւնը կտակելու միտումին մասին առաջին իմացողը Հըզպալլան եղած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, այդ տեղեկութիւնը Հըզպալլա բացայայտած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի «կալանաւորում»-էն շաբաթ մը առաջ:

 

 

Նախորդը

Էրտողան.«Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Գործողութիւնները Կ՛ընթանան Այնպէս, Ինչպէս Ծրագրած Էինք»

Յաջորդը

«Լիբանան Կրցաւ Հակակշռել Քաղաքական Ցնցումը, Իսկ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Միջազգային Ամպիոններէն Չբացակայեցաւ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.