Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Երկուշաբթի Օր Պիտի Մեկնի Սէուտական Արաբիա` Իր Հետ Ունենալով Նախագահ Աունէն Նամակ Մը

November 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց իր հանդիպումները, որոնց ընթացքին հանրապետութեան նախագահը շեշտեց Հարիրիի վերադարձին անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր հետ քննարկել հրաժարականին մանրամասնութիւնները եւ այդ իմաստով կեցուածք մը որդեգրել:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ միասնականութեան սպառնացող որեւէ քայլի դէմ պիտի դրուի:

Նշենք նաեւ, որ նախագահ Աուն Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը գործուղեց Յորդանան` հանդիպում մը ունենալու համար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Սակայն նախագահական պալատը հաղորդեց, որ նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարք մնայուն գործակցութեան մէջ են` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը պիտի շարունակէ նախագահ Աունի սկսածը:

Նախագահ Աուն-Ռայի պատրիարք հանդիպումէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Ռայի պատրիարքը երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, ուր պիտի հաստատէ, որ Լիբանանը իրանեան-սէուտական պայքարի դաշտ չէ:

Նշուեցաւ նաեւ, թէ Ռայի պատրիարքը սէուտցի պատասխանատուներէն խնդրած է նաեւ, որ Ռիատի մէջ հանդիպի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, եւ անոր պահանջին ընդառաջում կատարուած է:

Նախագահական պալատի երէկուան այցելուներէն եղաւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ Համասի մէկ պատուիրակութիւնը, Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի, Աշխատաւորական Ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Պշարա Ասմարի:

Նախագահ Աունի այցելեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ Հանրապետութեան նախագահին յանձնեց Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակին նուիրուած զինուորական տողանցքին ներկայ գտնուելու յատուկ հրաւէր մը:

Երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզի հետ եւ անկէ պահանջեց կապուիլ ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի բոլոր կայաններուն, ինչպէս նաեւ կայքերուն եւ խորհուրդ տալ անոնց, որ սադրանքներ հրահրողներն ու կասկածներ սերմանողները հեռու պահեն իրենց պաստառներէն ու սթիւտիոներէն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը կառավարական կազմ մը այլ կազմի հետ փոխելու տագնապ մը չէ, այլ` աւելի լուրջ հարց մը: «Իսկ երկրին անդորրը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորուին միայն լիբանանեան ազգային միասնականութեան պահպանումով», ըսաւ ան:

Հարիրի Ռիատի Մէջ Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը երէկ բաւարարուեցաւ հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հարիրի Ռիատի մէջ ընդունած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահ Միշել Սերվոն Տորսոն, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար Քրիսթաֆըր Հենզելը, Բրիտանիոյ դեսպան Սայմըն Քոլինզը եւ Ֆրանսայի դեսպան Ֆրանսուա Կուայան:

Նախանցեալ գիշեր Ռիատէն Պէյրութ հասած Հարիրիի անձնական օդանաւին մասին ոչինչ նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

ՄԻՒՍ կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներէն պահանջեց անմիջապէս լքել Լիբանանը` եւ իր բոլոր քաղաքացիները զգուշացուց Լիբանան կատարուելիք այցելութիւններէն:

ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ Մուսթաքպալ պլոքը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի, գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ ներքին լիբանանեան եւ արտաքին առումներով հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու կարեւորութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ Հարիրիի վերադարձը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ պլոքը միշտ կը զօրակցի իր ղեկավար Սաատ Հարիրիին եւ կ՛ենթարկուի անոր որոշումներուն:

 

Նախորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ . «Ոչխարի Հօտ Մը Չենք, Իսկ Լիբանանի Մէջ Քաղաքականութիւնը Ընտրութեան Վրայ Հիմնուած Է Եւ Ոչ Թէ Յորջորջումներու» Շեշտեց Մաշնուք

Յաջորդը

Զախարովա. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Պատրաստուին Մինչեւ Տարեվերջ Կազմակերպելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.