Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրիի Լիբանան Այցելութեան Նախատեսութիւններուն Զուգահեռ Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Շարունակէ Իր Հանդիպումները, Որոնց Շարքին Պիտի Ըլլայ Նաեւ Ռայի Պատրիարքին Հետ Տեսակցութիւնը

November 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձին գծով յոյսերը կը մնան բարձր, իսկ անպաշտօն տեղեկութիւններ կը շեշտեն, որ ժամերու այցելութեամբ Հարիրի պիտի ուղղուի Պէյրութ` իր հրաժարականը պաշտօնապէս ներկայացնելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Այդ տեղեկութիւններուն շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 10:00-ին հաղորդուեցաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնական օդանաւը Ռիատէն թռիչք առած էր դէպի Պէյրութ, ուր պիտի հասնէր մէկուկէս ժամ ետք: Օդանաւին մէջ գտնուողներուն ինքնութիւնը յստակ չէր: Առաւօտեան ժամը 1:15-ին Հարիրիի օդանաւը հասաւ Պէյրութ:

Մինչ այս տեղեկութիւնները շրջանառութեան մէջ կը դրուին լրատուամիջոցներուն կողմէ` պաշտօնական եւ անպաշտօն աղբիւրներու բերնով, Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Քննարկուեցան շրջանային վերջին իրադարձութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ շարունակեց իր հանդիպումները երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը, որ հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ օժանդակութիւնը եւ գործակցութիւնը, յատկապէս բարգաւաճման ծրագիրներու եւ ենթակառոյցի առումով, պիտի շարունակուի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ, Անկախութեան շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ, Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ, Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն, Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի, նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտ, Անկախ նասըրականներու – մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր Պաապտայի մէջ պիտի ընդունի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն Լիբանանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Արաբական երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի կացութիւնը` Հարիրիի հրաժարականէն ետք:

Կը նախատեսուի, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին այսօր այցելէ նախագահական պալատ` հանդիպում մը ունենալու համար հանրապետութեան նախագահին հետ:

Այսօրուան խորհրդակցութիւններէն ետք կը նախատեսուի, որ նախագահական պալատէն յստակ կեցուածք մը հրապարակուի:

Նախորդը

Պըրրի. «Վարչապետին Հրաժարականը Պաշտօնական Չէ, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Լիիրաւ Գործել»

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան Մը Կը Պղծուի Ֆրանսայի Վիեն Քաղաքին Մէջ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.