Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան Մը Կը Պղծուի Ֆրանսայի Վիեն Քաղաքին Մէջ

November 9, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Վիեն քաղաքին մէջ պղծուած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը: Դէպքը տեղի ունեցած է 4 նոյեմբերին, սակայն պղծումի արարքին եւ անոր պատասխանատուներուն վերաբերեալ ցարդ յստակ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած:

Ֆրանսայի Հայկական միութիւններու համակարգող մարմինը այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը շեշտէ, թէ «արարքը կապ ունի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ուրանալու Անգարայի ծրագրեալ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հասարակութեան մէջ ատելութիւն սերմանելու մօտեցումներուն հետ»: Հայկական մարմինը ֆրանսական իշխանութիւններէն կը պահանջէ արագօրէն դատապարտել դէպքը:

Վիեն քաղաքի վարչական խորհուրդի անդամ Էրուան Պինէ խստօրէն դատապարտած է այս յարձակումը` յայտնելով, թէ անձամբ ցնցուած է այս արարքէն:

Իր կարգին, Վիենի Հայկական ընկերակցութիւններու համախմբումը այս առիթով հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուի. «14 տարի անց (2003-ի ապրիլէն ի վեր), Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած Վիենի յուշարձանը կրկին պղծած են: Արդարեւ, անոր երկու երեսները ծածկած են անարգական եւ անպատկառ արձանագրութիւններով: Վիենի հայկական ընկերակցութիւններու համախմբումը ամենայն խստութեամբ կը դատապարտէ այս լկտի եւ զազրելի արարքը եւ որոշած է բողոք ներկայացնել: Ո՛չ ատելութիւն, ո՛չ ալ վրէժխնդրութիւն կայ հայոց սրտերուն մէջ, բայց ո՛չ ոք եւ ոչի՛նչ պիտի կարենայ կասեցնել հայոց իրաւունքի, արդարութեան եւ ճշմարտութեան պայքարը: Այս յուշարձանը պղծելով` հարուած հասցուցած են ո՛չ միայն 1915-ի նահատակներուն, այլեւ բոլոր այն հայերուն յիշատակին, որոնք Համաշխարհային զոյգ պատերազմներուն ընթացքին նահատակուած են Ֆրանսայի համար, եւ որոնց յիշատակին եւս կանգնեցուած է այս յուշարձանը: Այս վայրագ արարքը, որ մաս կը կազմէ վերջին տարիներուն Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած պղծումներու տխուր շարքի մը, մեզ կը յուշէ, թէ որքա՛ն երկար է յիշողութեան պաշտպանութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը, եւ որ այն կը մնայ այժմէական հարց ու երկրի իշխանութիւններէն կը պահանջէ խիստ պատասխան»:

Նախորդը

Հարիրիի Լիբանան Այցելութեան Նախատեսութիւններուն Զուգահեռ Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Շարունակէ Իր Հանդիպումները, Որոնց Շարքին Պիտի Ըլլայ Նաեւ Ռայի Պատրիարքին Հետ Տեսակցութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահին Հետ Քննարկած Է Արցախի Հարցը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.