Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ շարունակեց ընդունիլ լիբանանցի պատասխանատուներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ երկրին մէջ ստեղծուած անորոշութիւնը, հրաժարականին պատճառներն ու այդ տագնապին լուծման կարելիութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ այցելեց միւֆթի Տըրիանի, որուն հետ հանդիպելէ ետք ըսաւ, որ վարչապետի պաշտօնին գծով կառչած կը մնան Հարիրիի պաշտօնավարութեան:
«Մենք վարչապետին վերադարձին կը սպասենք, որպէսզի իմանանք, թէ ի՛նչ է կացութիւնը: Լիբանան կը գտնուի ոչ թէ կառավարական, այլ ազգային տագնապի դիմաց, հետեւաբար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած խորհրդակցութիւնները ազգային են եւ ոչ թէ աւանդական», ըսաւ ան:
Ուահապ կոչ ուղղեց իրանեան-սէուտական երկխօսութեան:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, որ շեշտեց, թէ Լիբանանի դիմագրաւած այս բարդ ժամանակաշրջանին միւֆթի Տըրիանի ուղղած հանդարտութեան կոչերը գնահատելի են:
Հանրապետութեան միւֆթիին այցելեց նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, որ հաստատեց, թէ երկրին ապահովական կայունութեան դէմ ոչ մէկ սպառնալիք կայ` աւելցնելով, որ երկրին տագնապը պիտի լուծուի:
Ան բարձր գնահատեց Տար Ֆաթուայի ազգային մօտեցումները, որոնք առաջքը կ՛առնեն համայնքային թէ յարանուանական ամէն տեսակի սադրանքներու` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն վարչապետ Հարիրիի վերադարձին:
Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի, որ ընդգծեց, թէ այս փուլին ազգային միացեալ կեցուածքի, հանդարտութեան, համբերութեան, խորհրդակցութեան եւ խոհեմութեան քայլերով պէտք է առաջնորդուիլ` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած լուրջ տագնապը:
Հանրապետութեան միւֆթիին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ, որ յայտնեց, թէ Հարիրիի հրաժարականը իրենց մօտ իրարանցում յառաջացուցած է: Ան նշեց, որ միւֆթիին կատարած հաղորդակցութիւնները հանգստացնող են Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անդորրը պահպանելու իմաստով:
Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթին ընդգծած է արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի լաւ յարաբերութիւնները: Ան շեշտեց, որ միւֆթիին կողքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքները ողջունելի են:
Քաաքի նշեց, որ բոլորը կը սպասեն Հարիրիի Լիբանան վերադարձին:
Երեկոյեան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ միւֆթի Տըրիանի հետ եւ անոր զօրակցութիւն յայտնեց` բարձր գնահատելով Տար Ֆաթուայի ի գործ դրած ազգային ճիգերը` Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն կացութեան ընթացքին:


