
Այսօր` չորեքշաբթի, 8 նոյեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին, տեղի կ՛ունենայ փինկ փոնկի Արաբական ակումբներու 29-րդ ախոյեանութեան բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` այս մրցաշարքը հիւրընկալող Ղազիրի դաշտին վրայ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 26 խումբեր (18 տղաք եւ 8 աղջիկներ):
Տղոց եւ աղջկանց պարագային ալ Լիբանան կը մասնակցի երեքական խումբերով:
Տղոց մրցումներուն կը մասնակցին Լիբանանեան բանակը, Ֆետի Աքտաս եւ Ժընուպ Թուլ, իսկ աղջկանց մրցումներուն` ՀՄԸՄ Պէյրութ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա եւ Նատուա Քամաթիէ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիչն է Րաֆֆի Մումջողլեան:
Նշենք, որ այսօր երեկոյեան 19:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները կը մրցին Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ:


