Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Սէուտական Արաբիայէն ուղղուեցաւ Ապու Տապի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան, զինեալ ուժերու փոխհրամանատար շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ապու Տապիի երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի վերադարձաւ Ռիատ:


