Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պարտականութիւնն է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին պատճառները իմանալ:
Խաթիպ նշեց, որ համախմբումը նիստին ընթացքին ընդգծած է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտեան այցելած է հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի եւ միասնականութեան, խոհեմութեան եւ սահմանադրութեան պահպանումին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը ընդգծող անոր կեցուածքներուն զօրակցութիւն յայտնած:


