Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» Համաժողովը Առաջնահերթ Նկատեց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

November 3, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայացած՝ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» համաժողովի ընթացքին, առաջնահերթ նկատուած հարցերէն մէկը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Թուրքիոյ մղած ուրացման արշաւին հակադրուիլը, որպէսզի կարելի ըլլայ մերօրեայ ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնել։

Նշենք, որ այս տարի եւս սոյն համաժողովի հովանաւորներէն մէկն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Անոր մասնակցած են հարիւրաւոր կրօնական առաջնորդներ, կրօնական ազատութեանց եւ մարդկային իրաւանց ջատագով կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական պաշտօնատարներ։

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերուն կողքին, քննարկուած են հետեւեալ հարցերը՝ Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ բռնարարքներու կասեցումը, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ցեղասպանութեանց զոհերու օգնութեան տրամադրումը, Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան ապահովումը եւ «Իսլամական պետութեան», «Քայիտա»ի ու ցեղասպանութիւն իրականացուցած այլ կազմակերպութիւններ պատժելու կարելիութիւնները։

Քննարկումներէն մէկը, որ առաջնորդուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի կողմէ, տրամադրուած էր «Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները եւ թշնամիները» նիւթին, որուն շրջանակէն ներս բացայայտուած է յատկապէս Միջին Արեւելքի իրադարձութեանց մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Անգարայի կողմէ հովանաւորուող ուրացման արշաւի մանրամասնութիւնները եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ Էրտողանի թիկնապահներուն ու համակիրներուն վայրագ յարձակումին ծալքերը։

Արամ Համբարեանի ելոյթը կարելի է դիտել՝ www.facebook.com/ancagrassroots/videos/10155225439571859 կայքէջին վրայ:

Համաժողովի այլ կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ այսուհետեւ Ամերիկայի կողմէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ու ցեղասպանական արշաւներու թիրախ դաձած այլ փոքրամասնութիւններուն տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւնները պիտի հասցէագրուին ուղղակի քրիստոնեաներուն եւ հալածուող փոքրամասնութիւններուն՝ ոչ-կառավարական եւ կրօնական բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջոցով: Արդարեւ, վերջին հինգ տարիներուն, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ այլ կազմակերպութիւններ կը պնդէին, թէ ՄԱԿի միջոցաւ բաւարար նպաստ չի հասնիր նշեալներուն։

Նշենք, որ համաժողովին ներկայ էին նաեւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Զաւէն Խանճեան:

Համաժողովին մասին պատրաստուած տեսանիւթը կարելի է դիտել https://youtu.be/8HBsYl0RFJg կայքէջին վրայ։

asbarez.com

Նախորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Ինչքանո՞վ Մենք Գործադիրին Մէջ Ներկայացուած Ենք Իբրեւ Դաշնակցութիւն»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.