Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ստացաւ Սէուտական Արաբիա Այցելութեան Հրաւէր Մը

November 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պուխարի Ռայի պատրիարքին յանձնեց Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէր մը:

Ըստ հրաւէրին, այցելութիւնը պիտի ըլլայ պաշտօնական եւ պատմական բնոյթի, որուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը  Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, ինչպէս նաեւ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ գահաժառանգ իշխանին հետ հանդիպումներ պիտի ունենայ:

Մեկնումի պահուն Պուխարի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին Ռիատ այցելութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը առաւօտեան  նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը

գնահատեց Ռայի պատրիարքին Միացեալ Նահանգներ կատարած հովուապետական այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան եւ անոնց խաղցած մշակութային դերակատարութեան կարեւորութիւնը շեշտելու անոր կեցուածքը` Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան նուիրուած Դ. վեհաժողովին ընթացքին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն անյապաղ տունդարձին կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք կը գտնուին իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու սպառնալիքին դիմաց:

 

Նախորդը

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Դասադուլին, Իսկ Կաթողիկէ Վարժարանները Կը Մերժեն

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Թունուզի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.