Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարներ Կիտանեան Եւ Կարայեան Քննարկեցին Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

October 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ հայկական պատուիրակութեան հետ քննարկուած են շարք մը հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնները եղած են զբօսաշրջութեան մարզին պարագային համագործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի փորձառութիւններէն երկուստեք օգտուելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ Լիբանան զբօսաշրջութեան բացառիկ յարմարութիւններով օժտուած երկիր մըն է, որ ունի զբօսաշրջական զարգացած ծառայութիւններ:

Ա. Կիտանեան յայտնեց նաեւ, որ նախարար Կարայեանի հետ քննարկած են Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու առիթներն ու համապատասխան բնագաւառները, որոնք առիթ կ՛ընծայեն լիբանանցի գործարարներուն ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ, եւ հակառակը:

«Քննարկեցինք նաեւ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք պիտի յայտարարուին 2018-ի սկիզբը` տարեվերջին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան լոյսին տակ», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ քննարկուած նախաձեռնութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ զբօսաշրջական-տնտեսական բնոյթի լիբանանեան-հայկական խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ «զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Լիբանանի հետ գործակցելու առումով հայկական պատուիրակութիւնը վկայեց նախարարութեան կատարեալ պատրաստակամութիւնը, յատկապէս մեր նախաձեռնութեամբ կայացած ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներուն հետ անոր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին»:

«Այդ հանդիպումներուն ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք կը վերաբերէին Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ կանոնաւոր թռիչքներու հաստատումին: Այդ առաջարկները կարիք ունին համաձայնութիւններու, որոնք հաւանաբար կարելի ըլլայ ձեռք ձգել պատուիրակութեան Հայաստան վերադարձէն եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութիւններուն հաւանութիւնը ստանալէ ետք», ըսաւ նախարար Կիտանեան:

Ան աւելցուց նաեւ, որ քննարկուած են հայ զբօսաշրջիկներու Լիբանան այցելութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս նկատի ունենալով ծովային զբօսաշրջութիւնը:

«Լիբանան այն երկիրներէն է, ուր հայ զբօսաշրջիկը պէտք է այցելէ, եւ ըստ հայկական պատուիրակութեան` դատելով Լիբանան կատարած իր այցելութենէն, Լիբանան լաւագոյնը պիտի ըլլայ հայ զբօսաշրջիկին համար», յայտնեց Ա. Կիտանեան` եզրափակելով, որ նախարարութիւնը յատուկ ծրագիր մը պիտի մշակէ, որ 2018-ի ամրան հայ զբօսաշրջիկներ այցելեն Լիբանան:

Նախորդը

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Ե. Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

«Երկրին Կեանքէն Տարի Մը». «Մեզի Համար Հիմնականը Ազգային Միասնականութեան Պահպանումն Է. Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին, Իսկ Փտածութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Ըլլայ Հաստատութիւններուն Ընդմէջէն», Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.