Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոսիոյ Մէջ. Հարիրի Եւ Անասթասիատես Կ՛ընդգծեն Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Ամրապնդումը

October 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Կիպրոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ:

Նիկոսիոյ մէջ Մակարիոս Գ. արքեպիսկոպոսի դամբարանին ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ետք, Հարիրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Անասթասիատեսի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ գործունէութիւնը բարելաւելու իմաստով:

Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Անասթասիատես շեշտեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է լիբանանեան-կիպրական գործակցութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ կիպրական հարցին լուծման հեռանկարները:

Ան յայտնեց, որ անցեալ յունիսէն սկսեալ արդէն բաւական ձեռքբերումներ արձանագրուած են երկու երկիրներուն միջեւ, յատկապէս կրթական եւ զբօսաշրջական բնագաւառներուն առումով` աւելցնելով, որ իրենք այդ մարզերուն վերաբերող համաձայնագիրները վերջնականացնելու ընթացքին մէջ են:

Անասթասիատես յայտնեց, որ ինք անհամբեր է Լիբանան-Կիպրոս-Յունաստան եռակողմանի վեհաժողովին մասնակցելու առումով` շեշտելով, որ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը կ՛ենթադրէ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Անասթասիատես բարձր գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին մղած պայքարը` հաստատելով, որ Կիպրոս պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին:

Ան ողջունեց նաեւ Սուրիայէն հասած տեղահանուածները ընդունելու իմաստով Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերը` աւելցնելով, որ Լիբանան պիտի զօրակցի թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան հետ առկայ յարաբերութիւններուն ընդմէջէն:

Միւս կողմէ, Անասթասիատես յայտնեց, որ Թուրքիա տակաւին կիպրական հողերուն վրայ կը պահէ իր ուժերը` աւելցնելով, որ անոր հետ երկխօսութիւնը ապարդիւն դուրս եկած է:

Ան աւելցուց սակայն, որ իրենք կիպրական հարցին լուծումը պիտի ջանան ապահովել երկխօսութեամբ եւ բանակցային հոլովոյթով:

Ապա Հարիրի շեշտեց, որ եւրոպական երկիրներուն մէջ Կիպրոս Լիբանանի ամէնէն մօտ երկիրն է` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին Կիպրոսի տրամադրած օժանդակութիւններուն համար:

«Պետական հաստատութիւններու ամրապնդումը երկրի մը պետականութիւնը կերտելու միակ ճամբան է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Կիպրոսի նախագահին հետ քննարկած է առեւտուրի եւ ներդրումներու բնագաւառներուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան անոնց նկատմամբ մարդկային եւ բարոյական պարտականութիւն ունի, սակայն այդ պարտականութիւնը կատարելու համար Լիբանանի բեռը շատ ծանր է եւ ան կարիքը ունի իր բարեկամներուն օժանդակութեան:

Հարիրի գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շարքերուն Կիպրոսի խորհրդանշական մասնակցութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա ցուցանիշ է, թէ Կիպրոս յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, Հարիրի ընդգծեց Լիբանանի կառավարութեան նախանձախնդրութիւնը` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու առումով:

Հարիրի յայտնեց նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Կիպրոսի հողային ամբողջականութեան եւ անկախութեան` աւելցնելով, որ իրենք նախապէս պահանջած են ՄԱԿ-ի բանաձեւերը գործադրել: Ան կոչ ուղղեց ջանքերը բազմապատկելու` յանգելու համար քաղաքական լուծումի մը:

Միացեալ մամլոյ ասուլիսէն ետք Հարիրիի ի պատիւ ընթրիք մը սարքուեցաւ:

Նախորդը

Իրաքի Մէջ Առեւանգուած 3 Լիբանանցիները Վերադարձան Պէյրութ

Յաջորդը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւններու Նախաձեռնող Խումբի Ղեկավարն Ու Երկու Այլ Անդամներ Հրաժարած Են

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.