Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ . Ժեմայէլ Պոկտանովին Կ՛առաջարկէ Տեղահանուածներու Տունդարձին Իմաստով Ռուսիոյ Միջնորդութիւնը

October 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախանցեալ օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայէլ Պոկտանովի հետ:

Երկուքուկէս ժամուան հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով` Պոկտանով շեշտեց, որ անոնք հինէն կու գան` աւելցնելով, որ Մոսկուա կը յարգէ Լիբանանի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան դերակատարութիւնը:

Իր կարգին, Ժեմայէլ Պոկտանովին ներկայացուց Լիբանանի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան տարած ընդդիմադիր աշխատանքին եւ բարեկարգումներու պահանջին մանրամասնութիւնները` ի խնդիր Լիբանանի գերիշխանութեան պահպանումին:

Ժեմայէլ ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս շրջանին մէջ բազմազանութիւնը պահպանելու առումով:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցին` Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան համար կարեւոր է, որ տունդարձի յստակ ծրագիր մը գոյութիւն ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին տեղահանուածները Սուրիա վերադարձնել:

Այս շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ առաջարկեց, որ  տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով Ռուսիա միջնորդութիւն ստանձնէ` պահպանելու համար Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք դրութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու համար լիբանանեան պետութեան եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ ուղղակի գործակցութեան պատճառելիք հաւանական հարցերը:

Պոկտանով ողջունեց Ժեմայէլի առաջարկը` հաստատելով Լիբանանի օժանդակութեան համար դրական դերակատարութիւն ունենալու Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը:

Նշենք, որ Ժեմայէլ երէկ շարունակեց Ռուսիա կատարած իր այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ ուղղուեցաւ ռուսական Տումա եւ հանդիպումներ ունեցաւ կարգ մը ռուս երեսփոխաններու հետ:

Նախորդը

Մինչ Քաթալոնիան Անկախութիւն Հռչակեց, Մատրիտ Ուղղակի Իշխանութիւն Հաստատեց Ինքնավար Մարզին Վրայ

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ . «Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւնները Ամուր Են, Իսկ Մօտիկ Ապագային Պիտի Այցելեմ Հայաստան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.