Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Ամերիկեան Ուժերու Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Բանակը Զինելու Կարելիութիւնները

October 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այսօր սկսաւ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական իր այցելութեան, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ճօ Զիֆի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակը զինելու, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա սահմանին հսկող բանակի սահմանապահ ուժերը զինելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Զօր. Աուն իր հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վերեւ մղուած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան մանրամասնութիւններուն:

Զօր. Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ամերիկացի շարք մը այլ զինուորականներու հետ, որոնց պիտի ներկայացնէ լիբանանեան բանակին ծրագիրն ու մարտավարութիւնը` տապալելու համար ՏԱՀԵՇ-ը:

Պէտք է աւելցնել, որ զօր. Աուն Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ «Ծայրայեղութեան դէմ պայքար» նիւթով խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին ներկայացուց ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը`

անդրադառնալով լիբանանեան բանակին մղած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան, որուն ընթացքին օգտագործուած էին ամերիկեան օդանաւեր` ճշդելու համար ահաբեկիչներուն դիրքերը եւ հարուածելու զանոնք:

Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին, զօր. Աուն  Փենթակոնի մէջ պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ` աշխուժացնելու համար Լիբանանին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնը, յատկապէս քննարկելով բանակին յանձնուելիք «Սուփըր Թոքանօ» տիպի ամերիկեան օդանաւերուն եւ «Էմ. 2 Էյ. 2 Պրետլի» տիպի հրասայլերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նշենք, որ վերջին տարիներուն ընթացքին լիբանանեան բանակին կատարուած զինուորական օժանդակութիւնները մեծաւ մասամբ ամերիկեան արտադրութիւններ էին եւ հիմնականին մէջ այնպիսի զէնքեր, որոնք Իսրայէլի ապահովութեան վնաս չէին կրնար հասցնել, այսինքն` բանակը Ուաշինկթընէն ծանր հրթիռներ եւ կործանիչներ չէր ստացած:

 

Նախորդը

Հարիրի Ցաւակցագիր Մը Յղեց Սիսիին

Յաջորդը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցելու Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.