Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին» Շեշտեց Նեպիհ Պըրրի

October 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ այսօր կը հրատարակուի «Իթթիհատ» օրաթերթի առաջին թիւը: Այս առիթով օրաթերթի խմբագրութիւնը որոշած է հարցազրոյց մը կատարել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հարցազրոյցին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ ինք պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու` օժանդակելու համար նոր իշխանութեան յաջողութեան: Ան նշեց, որ այս փուլին իր եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ վիճակի մէջ են:

Անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող փտածութեան համեմատութեան` Պըրրի ըսաւ, որ փտածութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուի, ակնկալելով, որ պետական ամավարկին վաւերացումով կարելի կը դառնայ փտածութեան համեմատութիւնը աւելի քան 50 տոկոսով նուազեցնել:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ Ամալ շարժումի ընտրական դաշնակիցը Հըզպալլան է:

Ընտրական օրէնքին մասին Պըրրի ըսաւ, որ ան իրենց երազած ընտրական օրէնքին քառորդը չէ, «սակայն նուազագոյնը մեծամասնականէն համամասնական ոստում մըն է, որ հետագային աւելի եւս կարելի է բարելաւել», ըսաւ ան:

Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ակնարկելով` Պըրրի ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ կան ապահով վայրեր, ուր կարելի է վերադարձնել տեղահանուածները:

«Սակայն եթէ կառավարութեան մէջ ոմանք կը մերժեն Սուրիոյ հետ գործակցիլ, ապա երկրին մէջ կան պաշտօնական կառոյցներ, ինչպէս ապահովական կառոյցը` բանակն ու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը, որոնք Դամասկոսի հետ կը գործակցին, հետեւաբար կարելի է անոնց միջոցով գործակցութիւն ապահովել: Ես իմ կարգիս պատրաստ եմ տեղահանուածներու տունդարձին առնչութեամբ միջոցներ ապահովելու եւ կամ այդ առաքելութիւնը նախարարի մը վստահելու», հաստատեց Պըրրի:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Նապաթիէ

Յաջորդը

Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Նշանակուեցաւ Պէյրութի Կառավարական Հիւանդանոցի Վարչական Խորհուրդի Անդամ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.