Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Կարապետեան, որ հանդէս եկաւ 85 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան հանդիսացաւ` արձանագրելով 360 քկ արդիւնք մը (170+190):
Իսկ 90 քկ դասակարգին մէջ (աղջիկներ), Տաթեւ Յակոբեան հանդիսացաւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար փոխախոյեան (228 քկ, 105 եւ 123):


