«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար իր հայրենիքին մէջ տուգանքի ենթարկուեցաւ` տուրքերու վճարումէն խուսափած ըլլալուն պատճառով:
25 տարեկան պրազիլցին 1,2 միլիոն ամերիկեան տոլարի տուգանք մը ստացաւ պրազիլական դատարանին կողմէ:
Սակայն այդ տուգանքը բաժնուած պիտի ըլլայ ֆութպոլիստին, անոր ծնողքին եւ ֆութպոլիստին շահերը ներկայացնող երեք ընկերութիւններու վրայ:
Նէյմար կը մեղադրուի 2011-2013 տարիներուն, Պրազիլի տուրքերու օրէնքները խախտելու յանցանքով:


