«Բոլոր միջոցառումները ձեռք առած ենք` դիմակալելու համար մեր երկրի ապահովութեան սպառնացող որեւէ վտանգ», յայտարարեց երէկ Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ Խալուսի Աքար` նշելով, որ իր երկիրը մօտէն կը հետեւի Իրաքի հիւսիսային շրջանի իրադարձութիւններուն` անցնող սեպտեմբերի աւարտին կայացած անվաւեր հանրաքուէէն ետք:
Միւս կողմէ, թուրք զօրավարը հաստատեց թրքական ուժերու ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Իտլիպ նահանգին մէջ` «մօտէն հսկելու համար շրջանին մէջ զինադադարի ամրապնդման»:


