Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

35 Տարի Ետք Վճիռը Արձակուեցաւ . Պաշիր Ժեմայէլը Սպաննողները Դատապարտուեցան Մահապատիժի

October 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութեան գծով դատավարութեան աւարտէն ետք Արդարութեան խորհուրդը երէկ արձակեց իր վճիռը Ժեմայէլը սպաննողներուն դէմ:

35 տարի ուշացած այս վճիռը երէկ դատարանին մէջ հնչեց` մահապատիժի դատապարտելով եւ քաղաքացիական իրենց իրաւունքներէն զրկելով Հապիպ Շարթունին եւ Նեպիլ Ալամը:

Սակայն Արդարութեան խորհուրդին կողմէ այս վճիռը արձակուեցաւ յանցագործներուն բացակայութեան:

Վճիռին արձակումէն ետք, նախկին Առաջին տիկին Սոլանժ Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով հետապնդած են Պաշիրի սպանութեան դատը` աւելցնելով, որ այսօր 14 սեպտեմբերի բոլոր նահատակները ստացած են իրենց իրաւունքը: «Մենք այսօր կը զգանք, որ դատական իշխանութիւնները լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն վերադարձուցած են անոր հեղինակութիւնը եւ յոյս ներշնչած` նահատակներուն արդարութիւն բերելու իմաստով», ըսաւ ան:

Սոլանժ Ժեմայէլ շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները այդ վճիռը արձակեցին լիբանանցիներուն անունով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան Ժեմայէլ ընտանիքին` հաստատելով, որ իրենք պիտի շարունակեն Պաշիրի ուղեգիծով ընթանալ` իրականացնելու համար ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանան մը կերտելու անոր երազը:

Ապա Պաշիրի զաւակը` Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք պիտի ուղղուին Սեսին հրապարակ` տօնելու համար իրաւունքի եւ արդարութեան արձանագրած յաղթանակը, ուրկէ պիտի ուղղուին Պիքֆայա` վճիռը զետեղելու համար Պաշիրի շիրիմին:

Նշենք, որ վճիռի արձակումին ընթացքին Ղովմի կուսակցութեան անդամներ խմբուեցան Արդարութեան պալատին կից եւ զօրակցական կանչեր արձակեցին ի նպաստ Հապիպ Շարթունիի: Անոնք փակեցին Սամի Սոլհ հրապարակը, այդ պատճառով ալ բանակայիններ եւ ապահովութեան ուժեր որդեգրեցին ապահովական միջոցառումներ` հակակշիռի տակ առնելու համար տիրող կացութիւնը:

Սեսինի Մէջ` Իրաւունքի Եւ Արդարութեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն

Ինչպէս երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտարարած էր, վճիռը արձակուելէն անմիջապէս ետք Պաշիր Ժեմայէլի ընտանիքին անդամներն ու հարազատները, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մեծ թիւով անդամներ, համակիրներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ ուղղուեցան Սեսին հրապարակ:

Այս առիթով Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ իր հօր սպանութեան վերաբերող այս վճիռը պաշտօնական Լիբանանի եւ լիբանանեան պետութեան կողմէ վկայութիւն է` բոլոր նահատակներուն նկատմամբ:

Ան շեշտեց, որ նահատակները ինկած են Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան համար:

Ան ողջունեց լիբանանեան պետութիւնը, յատկապէս Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը, անոնցմէ պահանջելով նոյն ոճով եւ թափով շարունակել իրենց առաքելութիւնը եւ արդարութիւն բանեցնել նաեւ այլ նահատակներու ու անոնց ընտանիքներուն պարագային:

Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հաւաքէն ետք Պաշիր Ժեմայէլի ընտանիքն ու անոր հարազատները ուղղուեցան Պիքֆայա եւ Պաշիրի շիրիմին զետեղեցին արձակուած վճիռն ու ծաղկեպսակներ` ընդգծելով, որ Պաշիր ու անոր յիշատակը իրենց մէջ միշտ կենդանի է:

 

Նախորդը

Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները Կը Շարունակուին, Իսկ Սարրաֆ Կը Պատասխանէ

Յաջորդը

Սահմանադրութեան 155-րդ Յօդուածին Հիմամբ. Արտակարգ Ընտրութիւններ` Քաթալոնիոյ Մէջ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.