Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Նոր Հաշիւ Մը Բացաւ` Հաւասարակշռելու Ապրուստի Սղաճը Եւ Նշանակեց 6 Կառավարական Հիւանդանոցներու Վարչական Խորհուրդները

October 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Լիբանանը յուզող հարցեր:

Ապա կառավարութիւնը քննարկեց 60 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց կառավարութեան պատրաստած 2017-ի պետական ամավարկի վաւերացումը խորհրդարանին կողմէ: Ան նշեց, որ 2005-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պետական ամավարկի վաւերացումը կարեւոր է:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց վաւերացնելու նաեւ 2018-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող նշանակումները իրենց կարգին ողջունելի են, նկատի ունենալով, որ 1999-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այդ մարզին մէջ  նշանակումներ կատարուած են:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին` նախագահ Աուն կոչ ուղղեց տեղահանուածներու յատուկ նախարարական յանձնախումբին աշխատանքը աշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ որդեգրելու շարք մը միջոցառումներ` պաշտպանելու համար երկրին սահմանները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ սուրիական տագնապին առումով կարելի չէ սպասել քաղաքական կամ ապահովական լուծումի մը, եւ ապա մտածել տեղահանուածներու տունդարձին մասին: «Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել մեր երկրին շահերը, իսկ այն քայլերը, որոնց կը նախաձեռնեմ, կը միտին այդ նպատակը իրականացնել, որովհետեւ տեղահանուածներու թղթածրարը եթէ պայթի, ապա անոր բեկորներէն ո՛չ միայն Լիբանանը պիտի վնասուի, այլ նաեւ ուրիշ երկիրներ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական, ապահովական եւ ապրուստի մարզերուն վրայ: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ եւ մարդկայնօրէն կը վարուի այդ թղթածրարին հետ, «բայց եւ այնպէս չենք կրնար լիբանանցիներուն շահերը առաջնահերթութիւն չնկատել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հակառակ մերթ ընդ մերթ իր լսած դիտողութիւններուն եւ քննադատութիւններուն, ինք կառչած կը մնայ «Նախ` Լիբանանը» կարգախօսին:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի նիստէն ետք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետը շնորհաւորեց խորհրդարանին կողմէ 2017-ի ամավարկին վաւերացումը` յայտնելով, որ անիկա Լիբանանի, անոր վարչակարգին եւ կառավարութեան նուաճումն է, որ կ՛աւելնայ այլ նուաճումներու վրայ, ինչպէս` դիւանագիտական եւ դատական իշխանութիւններուն նշանակումները, ընտրական նոր օրէնքը, ամավարկը եւ այլ նշանակումներ:

Ռիաշի նշեց, որ վարչապետը շեշտած է, թէ կառավարութեան բոլոր աշխատանքները ի նպաստ Լիբանանին եւ լիբանանցիին էին, բայց հակառակ այս բոլորին, տակաւին կ՛արձանագրուին քննադատութիւններ եւ բողոքներ, ինչ որ բնական է ժողովրդավարական երկրի մը համար:

Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնած է 700 միլիառ լ. ոսկի արժողութեամբ նոր հաշիւ մը բանալու` հաւասարակշռելու համար ապրուստի սղաճը եւ ֆինանսաւորելու պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձը:

Ռիաշի նշեց, որ ելեկտրակայաններուն հարցով կառավարութիւնը որոշած է մէկ շաբաթով երկարաձգել նուազուրդի մասնակցող ընկերութիւններու թղթածրարներուն ուսումնասիրութիւնը եւ ապա նուազուրդի վարչութեան կողմէ ստանալու այդ մասին պատրաստուելիք տեղեկագիրները:

Տեղեկագիրները պիտի փոխանցուին նախարարական այն յանձնախումբին, որուն կը նախագահէ Հարիրի եւ որուն կ՛անդամակցին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ելեւմուտքի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու եւ  հանրօգուտ շինութեանց նախարարները, ինչպէս նաեւ պետական նախարարներ Այման Շքէյր եւ Ալի Քանսօ:

Նախարարական յանձնախումբին աշխատանքը պիտի ըլլայ սերտել տեղեկագիրները եւ անոնց մասին տեղեակ պահել կառավարութիւնը: Այս որոշումին դէմ արտայայտուեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները:

«Կառավարութիւնը նշանակեց նաեւ 6 կառավարական հիւանդանոցներու` Քարանթինայի, Ֆթուհ Քեսրուան-Պուարի, Սըպլինի, Զահլէի «Էլիաս Հըրաուի», Սայտայի եւ Ժեզզինի հիւանդանոցներուն վարչական խորհուրդները», ըսաւ Ռիաշի:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Մէջ . Վիճակագրական Նոր Մեթոտաբանութիւն` Կիներու Դէմ Բռնութեան Հետեւանքով Արձանագրուած Տնտեսական Անդրադարձին Մասին

Յաջորդը

Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները Կը Շարունակուին, Իսկ Սարրաֆ Կը Պատասխանէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.