«Տը Թայմզ»-ի համաձայն, լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը կ՛ուզէ իր կազմին մէջ պահել 24 տարեկան յառաջապահ Հերի Քէյնը` նկատի ունենալով, որ անոր փոխանցման համար կը պահանջէ 222 միլիոն եւրօ:
Ըստ վերջերս շրջան ընող լուրերուն, Քէյնով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտ:
«Փրեմիեր-լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով իր կատարած 8 մրցումներուն ընթացքին Քէյն ցարդ նշանակած է 6 կոլ:


