«Շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի նախագահը յստակօրէն ներկայացուցած է մեր մօտեցումները մեզի համար կենսական անհրաժեշտութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ», «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին:
«Անկախութեան, անվտանգութեան զիջում չի կրնար ըլլալ, Ղարաբաղը չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ մնալ, եւ այս տրամաբանութիւնը պէտք է պահպանուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այսօր հիմնականը իրական բանակցային հոլովոյթ ունենալու խնդիրն է:
Պատգամաւորին համաձայն, խաղաղ հոլովոյթը պահպանելու եւ անոր նպաստող քայլեր կատարելու վերաբերեալ ինչ-որ ոգեւորող յայտարարութիւններ կան, այս հանդիպումը շատ կարեւոր էր, քանի որ երկար ժամանակ նախագահները չէին հանդիպած, իսկ, ըստ անոր, զինադադարի դրութիւնը պահպանելու համար նման հանդիպումները շատ կարեւոր են:
«Կը կարծեմ` ասիկա շատ կարեւոր է: Ճիշդ է, հարցի լուծման հետ կապուած լուրջ յառաջընթաց կրնայ չարձանագրուիլ այդ հանդիպումէն ետք, որովհետեւ քանի տակաւին Ազրպէյճանը իր կարծր դիրքորոշումը կը պահէ, դժուար թէ հարցի լուծման հետ կապուած էական յառաջընթաց ըլլայ, բայց սահմանին վրայ դէպքերը կանխելու, նուազագոյնին հասցնելու խնդիրը թիւ մէկ հարցն է այսօր, եւ այս տեսանկիւնէն ասիկա օգտակար հանդիպում էր», շեշտեց Ռուստամեան:


