Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վերընտրեց Իր Դիւանը Եւ Ընդգծեց Տնտեսական Ու Բարգաւաճման Աշխուժութեան Եւ Մսխումի Կասեցումին Անհրաժեշտութիւնը

October 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ սկսաւ իր եռօրեայ լիագումարին` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Նիստին ընթացքին խորհրդարանը վերընտրեց իր դիւանը, խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերու նախագահներն ու զեկուցաբերները:

Այս գծով խորհրդարանին կողմէ կատարուած միակ փոփոխութիւնը այն էր, որ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբին երեսփոխան Խալետ Զահրամանի փոխարէն անդամակցեցաւ երեսփոխան Էլի Աուն:

Ապա խորհրդարանը սկսաւ քննարկել 2017-ի պետական ամավարկը, որ ներկայացուեցաւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի կողմէ:

Քանաան նշեց, որ ամավարկը կը բաղկանայ 76 կէտերէ` աւելցնելով, որ յանձնախումբը բարեկարգումներ մշակած է այդ ամավարկին վերաբերեալ եւ կրցած է աւելի քան հազար միլիառ լ. ոսկիի սեղմում կատարել:

Պըրրի ողջունեց ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբին տքնաջան աշխատանքը` նախագահութեամբ Քանաանի:

Ապա խօսք առաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ ընդգծեց երկրին տնտեսական անիւը դարձեալ բանեցնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան վերաբերող փտածութեան թիւերը հասած են 4 միլիառ տոլարի:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը պէտք է ընդգրկէ այնպիսի միջոցներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի նիւթական կայունութիւնը:

Գիշերային նիստին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ նշեց, որ իր աշխատանքը ստանձնած օրէն կառավարութիւնը արձանագրած է նուաճումներ: Ան մաղթեց, որ 2018-ի պետական ամավարկին ընդմէջէն կարելի ըլլայ ճշդել լիբանանեան պետութեան ելեւմտական քաղաքականութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան իր կարգին հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան հարցով իրենք պիտի պահանջեն հետաքննիչ յանձնախումբ մը կազմել յաջորդ 48 ժամերուն ընթացքին:

Ատուան յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը 20 տարի շարունակ պետական գանձարկղին վճարումներ չէ կատարած` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլէն պահանջելով բացայայտել Կեդրոնական դրամատան հաշիւներն ու անոր ապահոված շահերուն հաշուեկշիռը:

Նշենք, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ պատասխանեց Ատուանի յայտարարութիւններուն` հաստատելով, որ Կեդրոնական դրամատունը ամէն տարի հաշուեփակ կը կատարէ եւ պետական գանձարկղին վճարումները կը կատարէ:

Պըրրի գիշերային նիստը փակ յայտարարեց երեկոյեան ժամը 9:25-ին:

Պետական ամավարկի քննարկումը պիտի շարունակուի նաեւ այսօրուան եւ վաղուան զոյգ նիստերուն ընթացքին:

Այսօրուան ցերեկային նիստը պիտի սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ստանձնեց Նշանակուած Նոր Դեսպաններուն Հաւատարմագիրները

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը` Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումին Մասին

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.