Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Ով Որ Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Հարց Չի Տեսներ, Ապա Ան Կոյր Է»

October 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ ինք անձնական հարց չունի` աւելցնելով, որ կոյր է ան որ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ հարց չի տեսներ:

«Երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը հարցերով լեցուն է, եւ անոնց լուծումը պէտք է  ապահովուի խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերուն կողմէ», ըսաւ ան:

Մաշնուք շեշտեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնը օրինական է եւ ոչ թէ ոճիր` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով իր եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի տեսակէտները գրեթէ նոյնն են, սակայն քաղաքական առումով ինք եւ Պասիլ տարակարծիք  են` սուրիական վարչակարգին հետ գործակցելու առումով:

Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները առկայ են 2005-էն ի վեր: Պասիլի դէմ իր կատարած յայտարարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաշնուք հաստատեց, որ ինք այդ մասին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ չէ խորհրդակցած, աւելցնելով, որ քաղաքական որեւէ հարցի շուրջ ինք իր կարծիքը ազատօրէն կ՛արտայայտէ:

Մաշնուք նաեւ ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` հիմնուելով  նոր օրէնքին վրայ. ան շեշտեց, որ այս մասին որեւէ այլ յայտարարութիւն երկրին քաղաքական ապահովութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէ:

 

Նախորդը

Ժեմայէլ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Սարրաֆ Հարաւային Քորէայի Մէջ Կը Քննարկէ Երկկողմանի Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.