Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ 13 հոկտեմբերի յիշատակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ուզեցին 13 հոկտեմբերը մղձաւանջի մը աւարտին վերածել, սակայն անիկա մեզի համար երազի մը սկիզբը եղաւ»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 13 հոկտեմբերը հաւատքի արտայայտութիւն է եւ կենցաղ, որուն խորագիրն է անիրաւին դէմ իրաւունքին արձանագրած յաղթանակը:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ Լիբանան ոչ մէկ հարց ունի սուրիական պետութեան հետ հարցեր ստեղծելու առումով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ 14 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիր մը, որ կը վերաբերի Լիբանանի ենթակառոյցի նորոգութեան եւ լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ երբ ինք զգայ, թէ Սուրիա այցելութեան կարիք կայ, ապա անվարան պիտի կատարէ այդ այցելութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Սիտնիի մէջ յայտնեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին: Ան մաղթեց, որ կուսակցութիւնը կշիռ ներկայացնող պլոքով մը ներկայանայ յաջորդ խորհրդարանին մէջ, որպէսզի իրականացնէ լիբանանեան պետութեան կերտման իր ծրագիրը: Ան ընդգծեց, որ Մարատա հոսանքին հետ ընտրական դաշինք գոյացնելու համար երկար ճամբայ կայ կտրուելիք` աւելցնելով, որ իրենք աւելի շատ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մօտ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար շեշտեց, որ հարցը աշխատավարձի յաւելումներուն չի վերաբերիր, այլ` տուրքերուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` բացայայտելու համար պատերազմի ընթացքին կորսուած անհատներուն ճակատագիրը:

ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ Պետական անվտանգութեան ուժերուն միջեւ երկու շաբթուան միացեալ ռազմափորձեր աւարտեցան: Ռազմափորձերուն հսկեց իտալական ջոկատը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կատարեալ միասնականութեամբ իր աշխատանքը կը շարունակէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան դէմ ամբաստանութիւններ արձակող կողմերը ամօթով մնացած են եւ սնանկութեան յայտարարութիւններ կը կատարեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սալահ Հնէյն յայտնեց, թէ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի վերականգնումը կ՛ենթադրէ, որ աւելի յստակ լսուին այդ խորհուրդին առաջարկները` երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ նոր տուրքեր պարտադրելու յանձնառութիւնը միջազգային հեղինակութիւններուն պահանջին ընդառաջում է: Խազեն աւելցուց, որ միջազգային մակարդակի վրայ խոստումներ տրուած են Լիբանանին, որ իր պարտադրած տուրքերուն փոխարէն երկրին մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ ֆինանսաւորուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական պատժամիջոցները Հըզպալլան թիրախ չեն դարձներ, այլ` բոլոր լիբանանցիները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը ծրագրէ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնիլ Քուէյթ: Այցելութեան թուականը ցարդ չէ ճշդուած:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, եւրոպական աղբիւրներ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլին հաստատած են, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ ընդարձակ պատերազմ մը սանձազերծելու մասին չի մտածեր:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ վերջերս երկրին իշխանութեան պետերուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, թէ Ուաշինկթըն չի բաժներ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի վերջերս կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլային մաս կը կազմէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ ունի ծրագիր մը, կը կրէ «Լիբանանէն վրէժ լուծելու» անունը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած է Մոսկուա այցելութեան հրաւէր մը: Կը նախատեսուի, որ Ժեմայէլ այդ հրաւէրին ընդառաջէ հինգշաբթի, 26 հոկտեմբերին:

 

Նախորդը

Դամասկոս Թրքական Ուժերուն Անմիջական Եւ Առանց Նախապայմանի Հեռացումը Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Ասմար Եւ Շքէյր Մաղթեցին, Որ Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդը Յանգի Լուծումներու

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.