Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Վարիչներու Պատրաստութեան Եւ Վերաորակաւորման Սեմինար

October 16, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Ժիպէյլի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ վարիչներու պատրաստութեան եւ վերաորակաւորման սեմինար մը` մասնակցութեամբ ներկայ վարիչներու, ինչպէս նաեւ շրջաններէն, ԼԵՄ-էն եւ ԶՈՄ-էն ընկերներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով սեմինարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Փաթրիսիա Խորշիտեան, որ նշեց նման սեմինարի մը կարեւորութիւնը եւ անոր հիմնական նպատակները:

Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ներկայացուց «Վարիչներուն դերը դաշնակցական պատանիին դաստիարակութեան հոլովոյթին մէջ» նիւթը: Ան նախ խօսեցաւ պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան դրդապատճառներուն մասին` նշելով, որ անցեալի դաշնակցական ղեկավարները հիմնած են պատանեկան միութիւնները` նպատակ ունենալով հայը հայ պահել, ինչպէս նաեւ մարտունակ եւ գաղափարապաշտ հայեր պատրաստել: Անցեալի եւ ներկայի միջեւ բաղդատական մը կատարելով` ան ներկայացուց վարիչի պարտականութիւնները, հաստատելով որ ժամանակին պատանիները կը ծնէին եւ կ՛ապրէին հայահոծ շրջանակներու մէջ, իսկ այսօր մեծ թիւով պատանեկան տարիքի անհատներ կը յաճախեն ոչ հայկական դպրոցներ եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ հեռու կը մնան հայկականութենէ, ուստի այս անհատները եւս պէտք է ներգրաւել պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն մէջ: Վարիչի դերակատարութեան անդրադառնալով` ան խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ վարիչը պատանիին համար փորձառու եւ տիպար է:

Սեմինարի երկրորդ զեկուցաբերն էր Շաղիկ Խիւտավերտեան, որ ներկայացուց «Պատանեկան տարիքի մարտահրաւէրներ. հոգեբանական, մանկավարժական, ընկերային» նիւթը, որմէ ետք Լենա Արապօղլեան իր անձնական փորձառութենէն մեկնած խօսեցաւ «Վարիչի դժուարութիւններուն եւ նկարագիրին» նիւթին մասին: Սեմինարի չորրորդ օրակարգը խմբային աշխատանք  մըն էր, զոր վարեց Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան` նիւթ ունենալով «Պատանիները հետաքրքրող նիւթեր պատրաստելու եւ զանոնք արդիական ձեւերով ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը»: Սեմինարի վերջին օրակարգով Շանթ Յարութիւնեան ներկայացուց Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կանոնագիրը, ժողովավարական կանոնները եւ ընդհանուր կազմակերպական գիտելիքներ: Սեմինարը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին:

Նախորդը

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի Նշում Եւ Դպրեվանքի 88-րդ Կրթական Տարեշրջանի Բացում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Քիեւի Օդակայանին Մէջ Ազրպէյճանցի Լրագրող Մը Ձերբակալուած Է

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.