Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը: Նիստի աւարտէն ետք ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ քննարկուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ի մասնակցութեան հարցերը` ակնկալելով աշխուժ քարոզարշաւ:
«ՀՀԿ-ն կազմակերպուած մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն: Կ՛ուզեմ ճշդենք, որ քաղաքական յաջողութիւնները օդէն չեն իյնար, եւ յատկապէս խորհրդարանական կառավարման համակարգին մէջ կուսակցութիւնները պէտք է աշխուժ մասնակցութիւն ունենան ընտրութիւններուն` ունենալով հաստատութենական համակարգ», ըսաւ Աշոտեան: Ան նշեց, որ հպանցիկ անդրադարձ կատարուած է յաջորդ շաբթուան ընթացքին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին մասին, որ նախաձեռնած են Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն նախատեսուած հանդիպումին անդրադառնալով` Արմէն Աշոտեան նշեց. «Նման հարց Գերագոյն մարմինի նիստին չէ քննարկուած, կրնամ իմ անձնական տեսակէտս արտայայտել: Բանակցային սեղանին վրայ են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ընդունուած սկզբունքները` իբրեւ բանակցային հոլովոյթի եւ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնման սկզբունք: Բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի, անոր մէջ առաջնային պիտի ըլլայ վստահութեան մթնոլորտի վերականգնումը»:
Նոյն ծիրին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ժամկէտներուն մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ, եթէ ըլլայ` պիտի յայտարարուի:
«Ակնյայտօրէն այդ հանդիպման բովանդակութիւնը Պաքուին ձեռնտու չէ: Այդ տեսակէտէն, պատահական չէ Ալիեւի սադրիչ յայտարարութիւնը, երբ կը փորձէ խեղաթիւրել բովանդակութիւնն ու այլ բան ներկայացնել: Բայց, այնուամենայնիւ, չեմ կարծեր, որ ինք կարենայ խուսափիլ այդ հանդիպումէն», ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:
Հանդիպման կազմակերպման կողմերուն պատրաստակամութեան մասին յայտարարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` չնշելով յստակ ժամկէտ:


