Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ բացայայտած է ականներու պահեստանոց մը:
Ըստ հաղորդագրութեան, գտնուած են տասը ականներ, որոնցմէ մէկուն կշիռքը 100 քիլոկրամ էր: Բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ այդ ականները Արսալի մէջ պատրաստուած են` աւելցնելով, որ բանակի սակրաւորները կրցած են զանոնք վնասազերծել:


