Երէկ` երեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2017-ին, Պէյրութի «Ֆոր սիզընս» պանդոկի մուտքին առջեւ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպած խաղաղ ցոյց մը, որուն ընթացքին բաժնուեցան թռուցիկներ եւ արձակուեցան թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ցոյցը ուղղուած էր ընդդէմ թրքական նորաձեւութեան ցուցադրութեան մը:
Նորաձեւութեան ցուցադրութեան այս ձեռնարկին կը մասնակցէին 3 թուրք ձեւագէտներ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան եւ Թրքական մշակութային կեդրոնին կողմէ:




