Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, համագործակցութեամբ Մեթընի գաւառապետին եւ Սին Էլ Ֆիլի, Տըքուենէի, Մար Ռուքոզի, Տահր Հասինի, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Պաուշրիէի, Սըտտի, Զալքայի, Ամարեթ Շալհուպի, Ժալ Էլ Տիպի, Պըքնայայի, Անթիլիասի, Նաքքաշի, Տըպպայէի, Զուք Էլ Խրապի, Աուքարի եւ Հարեթ Պալլանէի քաղաքապետութիւններուն, կիրակի, 8 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ «Պայքաթոն Պալտաթի» հեծելարշաւի մրցումը, որ անցաւ վերոնշեալ շրջաններէն:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին առջեւէն, մօտաւորապէս քսանհինգ հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ նոյնպէս միացան սոյն մրցումին:
Նշենք, որ հեծելարշաւի հաւաքավայրն էր Նահր շրջանի ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարութեան շէնքին առջեւի տարածքը: Հեծելարշաւի երկարութիւնն էր 30 քիլոմեթր:



