Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց Սուր, ուր յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Թումա եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ կիրակի օրուան պատարագին:
Սարրաֆ յայտնեց, թէ նոր իշխանութիւնը կրցած է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որ քուէարկողը կը մղէ ազատօրէն ընտրելու:
«Ժամանակն է արդէն, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական աշխատանքը անհատներու մակարդակէն բարձրանայ ծրագիրներու մակարդակին», ըսաւ ան:
Սարրաֆ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը աճ պիտի արձանագրէ: Ան նաեւ նշեց, որ աշխատավարձի յաւելումը քաղաքացիին իրաւունքն է` աւելցնելով, որ հարցը կը կայանայ զայն ֆինանսաւորելու միջոցներուն մէջ` մաղթելով, որ այդ իրաւունքը այսօրուան նիստին ընթացքին կը վերջնականացուի:
Սարրաֆ ըսաւ, որ Հարաւը Լիբանանին սիրտն է` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են:



