Սուրիական բանակը իր դաշնակից ուժերուն օգնութեամբ Տէր Զօր նահանգի Մայատին քաղաքին մէջ շրջափակեց ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:
Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` նշելով, որ հաւատադրժողականները տարածքներ կը կորսնցնեն, եւ կը նեղնայ անոնց շրջափակման օղակը:
Մայատինը Սուրիոյ մէջ վերջին մեծագոյն տարածքն է, որ գրաւուած է ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ:
Սուրիոյ բանակը Տէր Զօրի մէջ ազատագրական արշաւ սկսած էր սեպտեմբերին:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ կառավարական ուժերը յաջողած են մուտք գործել Մայատին քաղաք:



